image

Մտահոգիչ լուր. «Ալ Հոլ» ճամբարէն հազարաւոր իսլամիստ բանտարկեալներ խոյս տուած են դէպի Իրաքի եւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ

Մտահոգիչ լուր. «Ալ Հոլ» ճամբարէն հազարաւոր իսլամիստ բանտարկեալներ խոյս տուած են դէպի Իրաքի եւ Թուրքիոյ ուղղութեամբ

 

Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը գտնուող «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմնակիցներու համար նախատեսուած Ալ-Հոլ համակեդրոնացման ճամբարէն աւելի քան 20,000 կալանաւոր փախուստ տուած է այն բանէն ետք, երբ այդ շրջանը անցած է Սուրիոյ կառավարութեան վերահսկողութեան ներքոյ։ Այս մասին կը հաղորդէ Financial Times-ը՝ յղում կատարելով իր աղբիւրներուն։

Հրապարակման համաձայն՝ վերջին մէկ ամսուան ընթացքին, երբ մերձակայ շրջանները վերահսկող քրտական ուժերը դուրս մղուեցան սուրիական կառավարութեան անվտանգութեան ուժերուն կողմէ, գրեթէ բոլոր 24,000 կալանաւորները «անաղմուկ անհետացած են»։

Թերթի տուեալներով՝ ճամբարին մէջ պահուող հազարաւոր կալանաւորներ կրցած են փախչիլ ցանկապատի ճեղքերէն եւ արդէն ցրուած են երկրի տարբեր շրջաններուն մէջ, ընդ որում՝ ոմանք ապօրինի ճանապարհներով հասած են մինչեւ Իրաք եւ Թուրքիա։

Պարբերականը կը գրէ, որ ճամբարին մէջ մնացած են Իրաքի եւ Սուրիոյ շուրջ 2000 քաղաքացի։

Թերթը կը շեշտէ, որ յստակ չէ, թէ ով օգնած է կալանաւորներուն փախուստ տալու։ Ոմանք կը նշեն, որ անոնք կրնային ըլլալ կառավարական պաշտօնատարներ, իսկ ուրիշներ կը խօսին «Իսլամական պետութեան»  հետ համագործակցող տեղական ցեղախումբերու կողմէ ցուցաբերուած օժանդակութեան մասին։