image

«Ատրպէյճանցիք կը շարունակեն յարձակիլ հայերու վրայ եւ այդ մէկը ցաւալի է» Ամերիկացի գործիչ՝ Պրետ Շըրմըն

«Ատրպէյճանցիք կը շարունակեն յարձակիլ հայերու վրայ եւ այդ մէկը ցաւալի է» Ամերիկացի գործիչ՝ Պրետ Շըրմըն

 

ԱՄՆ Քոնկրէսի Ներկայացուցիչներու պալատի արտաքին յարաբերութիւններու հարցերով յանձնաժողովի աւագ անդամ Պրետ Շըրմընը Քոնկրէսին մէջ ելոյթի ժամանակ դատապարտած է հայերու դէմ Ատրպէյճանի իրականացուցած կոտորածները Սումկայիթի, Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ՝ ոգեկոչելով զոհերու յիշատակը: Շըրմընի յայտարարութիւնը ներկայացուցած է Asbarez գործակալութիւնը:

«Կանգնած եմ ամերիկահայ համայնքի կողքին՝ ոգեկոչելով Սումկայիթի (1988-ի փետրուար 27-29), Կիրովապատի (1988-ի նոյեմբերի 21-27) եւ Պաքուի մէջ (1990-ի յունուար 13-19) հայ ժողովուրդի դէմ իրականացուած ջարդերու զոհերու յիշատակը:

33 տարի առաջ Ատրպէյճանի Սումկայիթ քաղաքին մէջ հայ բնակիչները թիրախաւորուած են իրենց էթնիք (ցեղային) պատկանելիութեան պատճառով:

The New York Times-ը արձանագրած է, որ հայերը «հետապնդման» կ'ենթարկուին:  

Սումկայիթեան ջարդերը սկիզբն էին հայ փոքրամասնութեան դէմ բռնութեան սրացման, որմէ ետք հակահայկական բռնութեան ալիքը տարածուեցաւ Կիրովապատի եւ Պաքուի մէջ, որ յանգեցուց Ատրպէյճանէն 390 000 հայերու հարկադիր տեղահանման եւ 1991-94 թուականներու պատերազմին Արցախի մէջ:

Ցաւալիօրէն, հայերու դէմ ատրպէյճանցիներու յարձակումները միայն կը շարունակուին: Հայաստանի եւ Արցախի դէմ յարձակման վերջին դրսեւորման ժամանակ Ատրպէյճանը յարձակումներ իրականացուցած է քաղաքացիներու դէմ: Human Rights Watch իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնն արձանագրած է քաղաքացիական կառոյցներու դէմ ողկուզային ռումբերու եւ հրետանային հրթիռներու կիրառումը:

Այսօր, հայերը դեռ գերութեան մէջ կը գտնուին Ատրպէյճանի մէջ՝ Հայաստան վերադառնալու ոչ մէկ յստակ ժամանակացոյց ունենալով: Հայ ռազմագերիները ֆիզիքական բռնութեան եւ այլ անմարդկային վերաբերմունքի կ'ենթարկուին Ատրպէյճանի մէջ: Ատրպէյճանի կառավարութիւնը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուի միջազգային հանրութեան կողմէ, եւ ես պիտի շարունակեմ աշխատիլ Քոնկրէսի մէջ՝ լոյս սփռելու նմանօրինակ անցեալ եւ ներկայ վայրագութիւններու վրայ»,- ըսուած է Շըրմընի յայտարարութեան մէջ: