image

ԱՄՆ-ն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր զօրքերու տեղակայումը պիտի աւարտի մինչեւ մարտի կէսերը. The Washington Post

ԱՄՆ-ն Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր զօրքերու տեղակայումը պիտի աւարտի մինչեւ մարտի կէսերը. The Washington Post

Միացեալ Նահանգները կը ծրագրէ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ իր զօրքերու լիակատար տեղակայումը աւարտել մինչեւ մարտ ամսուան կէսը։ Այս մասին կը հաղորդէ The Washington Post-ը՝ յղում ընելով իրազեկ աղբիւրներու։

Հրապարակման համաձայն՝ ազգային անվտանգութեան հարցերով Թրամփի բարձրաստիճան խորհրդականները փետրուար 18-ին հանդիպում ունեցած են իրավիճակային կեդրոնին մէջ՝ Իրանի առնչուող իրավիճակը քննարկելու համար, եւ անոնց տեղեկացուած է, որ շրջանին մէջ տեղակայուած բոլոր ամերիկեան զօրքերը լիովին պատրաստ պիտի ըլլան մինչեւ մարտի կէսը։

Թերթը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը դիտաւորեալ կերպով կ՚ուզէ, որ շրջանին մէջ ռազմական ներկայութեան մեծացման մասին տեղեկութիւնը հանրայնացուի։

Աւելի վաղ CNN-ը հաղորդած էր, որ Միացեալ Նահանգներու զինուած ուժերը պատրաստ պիտի ըլլան Իրանին հարուած հասցնելու արդէն յառաջիկայ շաբաթավերջին, սակայն Թրամփ տակաւին վերջնական որոշում չէ կայացուցած։

Փետրուար 17-ին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցաւ միջուկային հարցին շուրջ Միացեալ Նահանգներու եւ Իրանի բանակցութիւններու երկրորդ փուլը։ Երկու կողմերն ալ դրական գնահատեցին հանդիպումը։ Սակայն Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենս հետագային յայտարարեց, որ Ուաշինկթընի հիմնական պահանջները տակաւին չեն կատարուած։