Փետրուար 19-ին Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպան Սարմէն Բաղդասարեանը հանդիպած է Լիբանանի վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Այս մասին կը տեղեկացնեն Լիբանանի մէջ ՀՀ դեսպանութենէն:
Դեսպան Բաղդասարեանը վերահաստատած է հայկական կողմի յանձնառութիւնը երկկողմ յարաբերութիւններու խորացման, համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու իրականացման հարցով:
Վարչապետ Սալամը յաջողութիւն մաղթած է դեսպան Բաղդասարեանին իր առաքելութեան մէջ՝ դեսպանութեանն աջակցելու հարցով յայտնելով իր պատրաստակամութիւնը: