Ապու Տապիի մէջ 5 փետրուարին մեկնարկած է Միացեալ Նահանգներու միջնորդութեամբ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ ընթացող բանակցութիւններու երկրորդ օրը, որու շրջածիրէն ներս պատուիրակութիւնները կրկին պիտի քննարկեն շուրջ չորս տարի շարունակուող ռուս–ուքրանական պատերազմի աւարտի ուղիները։
«Ապու Տապիի մէջ բանակցութիւններու երկրորդ օրը սկսած է։ Մենք կ՚աշխատինք նոյն ձեւաչափերով, ինչպէս երէկ՝ եռակողմ խորհրդակցութիւններ, խմբային աշխատանք եւ դիրքորոշումներու հետագայ համաձայնեցում»,– Telegram-ի իր էջին գրած է ուքրանական կողմի գլխաւոր բանակցող Ռուսթեմ Ումերովը։
Ռուսական «ԹԱՍՍ»-ի հետ զրոյցին մէջ բանակցութիւններուն քաջատեղեակ աղբիւրը յայտնած է, որ կողմերը կը քննարկեն տնտեսական հարցեր, հրադադարի մեխանիզմները եւ տարածքային հարցեր։