image
Հրատապ լուրեր:

Սի Ծինփին խօսած է չին եւ ամերիկացի ժողովուրդներու համագործակցութեան ձգտումին մասին

Սի Ծինփին խօսած է չին եւ ամերիկացի ժողովուրդներու համագործակցութեան ձգտումին մասին

Չինաստանի նախագահ Սի Ծինփին, ապրիլին նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ սպասուող հանդիպմանն ընդառաջ, Այովայի իր բարեկամներուն ուղղուած պատասխան նամակին մէջ նշած է, որ չինացի եւ ամերիկացի ժողովուրդներու ձգտումը դէպի փոխանակումներ եւ համագործակցութիւն չի փոխուիր՝ անկախ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման ընթացքէն:

«ԱՄՆ-Չինաստան յարաբերութիւններու յոյսը ժողովուրդներու մէջ է»,- գրած է Սին՝ ի պատասխան այովացի գործարար Լուքա Պերոնէի եւ այլոց ամանորեայ շնորհաւորանքի, յայտնած է «Ռոյթըրզ»-ը:

Յիշեցնենք, որ Թրամփ կը ծրագրէ Չինաստան այցելել ապրիլին, իսկ Սի Ծինփին ԱՄՆ պիտի մեկնի 2026-ի վերջը։