image
Հրատապ լուրեր:

Լաւրով եւ Արաքչի քննարկած են Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

Լաւրով եւ Արաքչի քննարկած են Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ ստեղծուած իրավիճակը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը եւ Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքչին քննարկած են Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը, նաեւ նկատի ուռնելով Ժընեւի մէջ կայացած ամերիկա-իրանական անուղղակի շփումներու արդիւնքները։

«Արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւններու ղեկավարները միտքեր փոխանակած են Իրանի միջուկային ծրագրին շուրջ ստեղծուած ներկայ իրավիճակին մասին, այդ շարքին՝ նկատի ունենալով Ժընեւեան հարթակին վրայ կայացած ամերիկա-իրանական անուղղակի շփումներու արդիւնքները», ըսուած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան Telegram ալիքին մէջ զետեղուած հաղորդագրութեան մէջ։

«Ռուսական կողմէն վերահաստատուած է աջակցութիւնը բանակցային գործընթացին, որ ուղղուած է արդար քաղաքական-դիւանագիտական լուծումներու որոնման՝ յարգելով Իրանի օրինական իրաւունքները՝ Միջուկային զէնք չտարածելու մասին պայմանագրի սկզբունքներուն համապատասխան»։

Դիւանագիտական գերատեսչութենէն նաեւ յայտնած են, որ անդրադարձ կատարուած է երկկողմ օրակարգի առանձին հարցերու, որոնք փոխադարձ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնեն։

Հեռախօսազրոյցը տեղի ունեցած է իրանական կողմի նախաձեռնութեամբ։