image

Ատրպէյճան սկսած է Արցախի «Տատիկ եւ Պապիկ» յուշակոթողի իւրացման գործընթացը

Ատրպէյճան   սկսած է   Արցախի «Տատիկ եւ Պապիկ» յուշակոթողի իւրացման գործընթացը

Ատրպէյճան նպատակաուղղուած  կերպով կ’աշխատի ջնջել Արցախի անցեալն ու հայ ինքնութիւնը այս անգամ «Մենք ենք մեր սարերը» յուշակոթողը իւրացնելով եւ յայտարարելով որ ան կառուցուած էր իր նիւթական ներդրումով:

Օրեր առաջ ատրպէյճանական Culture of Azerbaijan կայքը տարածեց յայտարարութիւն մը Արցախի «Մե՛նք ենք, մեր սարերը» (Տատիկ-պապիկ) յայտնի յուշակոթողին մասին՝ նշելով, որ ան կառուցուած է Ատրպէյճանի Խանքենտի քաղաքին մէջ 1967 թուականին եւ  «Ատրպէյճանի բազմամշակութային եւ ազգային-կրօնական հանդուրժողականութեան բազմաթիւ օրինակներէն մէկն է»: Այս մասին յօդուած  հրապարակած է Monument Watch-ը:

 «Քաջածանօթ է, որ յուշարձանը հայկական Արցախի ժամանակակից խորհրդանիշներէն մէկն է եւ ստեղծուած է որպէս հայ ինքնութեան պատուանշան եւ խորհուրդ: Աւանդական կեցուածքով եւ արտաքինով տարեց  զոյգը հաստատ ապացոյցն է արցախահայերու պատմական անցեալին եւ ապագայ յոյսերուն: Յոյսեր, որ այսօր ի դերեւ  դարձան Ատրպէյճանի հայասպան քաղաքականութեան: Յատուկ Հայաստանէն բերուած կարմիր տուֆէ կերտուած կոթողի քանդակագործն է՝ Սարգիս Պաղտասարեանը, իսկ ճարտարապետը՝ Եուրի Յակոբեանը։ Քանդակագործը իր աշխատանքը բնութագրած է հետեւալ ձեւով․ «Յուշարձանն իրենից ներկայացնում է աւանդական տարազով տարեց արցախցի ամուսինների՝ ուս-ուսի, հպարտ ու անհողդողդ կեցուածքով ու սեւեռուն հայացքով։ Կոթողը պատուանդան չունի, բայց կարծես լեռնաբլուրը ճեղքուել է, եւ նրանք այդ ճեղքից բարձրացել, կանգնել են՝ ոտքերը ամուր դրած հայերի հողի մէջ»:

Արցախի ամբողջական գրաւումէն ետք պաշտօնական ատրպէյճանական կողմը երկար ժամանակ գրեթէ չանդրադարձաւ այս յուշարձանին մասին: Յուշարձանը , որ Արցախի հայութեան ամենավառ ու հանրածանօթ խորհրդանշանն էր, աննկատ կը մնար Ստեփանակերտ այցելող ատրպէյճանցի լրագրողներուն կողմէ, միայն որոշ լրատուական հաղորդումներու մէջ կարծիքներ կ’արտայայտուէին, որ  պէտք է քանդուի:

2023 թուականին եղան յատուկ հրապարակումներ, ուր կը նշուէր, որ յուշարձանը հայերը «հայկականացուցած է». Ատրպէյճանական կողմը կը փորձէր տարածել այն տեսակէտը, որ անոնք դէմ են ոչ թէ յուշարձանին, այլ անոր «գաղափարական ազգայնական մեկնաբանութեան»:

Վերջերս յատուկ այս յուշարձանին անդրադարձաւ ատրպէյճանցի կայքագրող եւ Ստեփանակերտը լուսարձակի տակ առնող Քեամրան Ռազմովարը, որու հիմնական շեշտադրումը այն եղաւ, որ յուշարձանը կառուցուած է խորհրդային տարիներուն, երբ ԼՂԻՄ-ը Ատրպէյճանի մաս կը կազմէր, ըստ անոր այս կը նշանակէ, որ յուշարձանը կառուցուած էր խորհրդային Ատրպէյճանի պիւտճէէն յատկացուած գումարներով, եւ հետեւաբար ան ատրպէյճանական է:

Այս շեշտադրումները կարեւոր են անոր համար որ ատրպէյճանական կողմը իր փրօ-իշխանական քարոզչական միջոցով սկսած է յուշարձանը իւրացնելու գործընթացը, ուր յստակ է որ յուշարձանին վերաբերող բոլոր կարծիքները՝ հիմնուած են այն գաղափարին վրայ թէ Պաքուի գումարներով կառուցուած այս յուշակոթողը ցոյց կու տար խորհրդային տարիներուն ընթացքին ատրպէյճանական իշխանութիւններուն ունեցած հանդուրժողականութիւնը հայերուն հանդէպ:

Ատրպէյճանի վարած քաղաքականութիւնը, ժառանգութեան իւրացման փորձ մըն է, որ ոչ միայն կ’անջատէ յուշակոթողը հայկական պատկանելիութենէն, այլ Ատրպէյճանի համար կը ստեղծէ բազմամշակութային եւ հանդուրժող երկրի մը տիպարը։ Այս տեսակի քաղաքականութեամբ Ատրպէյճան կը խախտէ ՄԱԿ-ի՝ 2005 թ. Փարիզի մէջ ընդունուած «Մշակութային ինքնարտայայտման ձեւերու բազմազանութեան պաշտպանութեան եւ յառաջացման պայմանադրութիւնը»,-մասնաւորապէս կը նշուի յօդուածին մէջ: