Ատրպէյճանը պարբերաբար կը խախտէ Արցախի Հանրապետութեան այժմեան պայմանական սահմանները, Ռիա «Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի անվտանգութեան քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը:
Բալասանեանը յայտարարած է, որ շփման գիծին եւս պարբերաբար խախտումներ տեղի կ'ունենան Ատրպէյճանի կողմէ: Ատրպէյճանը կը փորձէ սադրիչ գործողութիւններ հրահրել, մինչդեռ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը չի տրուիր սադրանքներու:
«Բոլոր գրանցուած խախտումներու մասին տեղեակ կը պահեն ռուս խաղաղապահ ուժերուն, բարձրացուած հարցերուն առայժմ մասնակի լուծումներ կը տրուին, սակայն այդ ուղղութեամբ դրական տեղաշարժ կայ»,- յայտնած է Վիթալի Բալասանեանը: