image

Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել Արցախի այժմեան սահմանները

Ատրպէյճան կը շարունակէ խախտել Արցախի այժմեան սահմանները

Ատրպէյճանը պարբերաբար կը խախտէ Արցախի Հանրապետութեան այժմեան պայմանական սահմանները, Ռիա «Նովոստի»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ ըսած է Արցախի անվտանգութեան քարտուղար Վիթալի Բալասանեանը:

Ան նշած է, որ Ատրպէյճանը կը տեղաշարժէ իր դիրքերը դէպի Աղդամի, Ասկերանի, Ստեփանակերտի եւ Կարմիր շուկայի խորքը, որ 10 նոյեմբերին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու խախտում է:

Բալասանեանը յայտարարած է, որ շփման գիծին եւս պարբերաբար խախտումներ տեղի կ'ունենան Ատրպէյճանի կողմէ: Ատրպէյճանը կը փորձէ սադրիչ գործողութիւններ հրահրել,  մինչդեռ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը չի տրուիր սադրանքներու:

«Բոլոր գրանցուած խախտումներու մասին տեղեակ կը պահեն ռուս խաղաղապահ ուժերուն, բարձրացուած հարցերուն առայժմ մասնակի լուծումներ կը տրուին, սակայն այդ ուղղութեամբ դրական տեղաշարժ կայ»,- յայտնած է Վիթալի Բալասանեանը: