image

Ասանժ պիտի չարտայանձնուի

Ասանժ պիտի չարտայանձնուի

 

Լոնտոնի կեդրոնական քրէական դատարանի դատաւոր Վանեսա Պարայթսերը մերժած է ամերիկեան իշխանութիւններուն արտայանձնել Wikileaks-ի հիմնադիր Ժուլիան Ասանժը: Այս մասին կը հաղորդէ ՌԻԱ «Նովոստի»-ն։
Դատարանին մէջ յայտարարած են, որ հարցումը մերժած է մեղադրեալի հոգեկան առողջութեան համար մտավախութիւններու պատճառով։

2019 թուականի ապրիլին անոր ձերբակալած էին ամերիկեան կողմի պահանջով։ Արտայանձնման հարցով լսումները սկսած են մայիսին։ Անկէ կարճ ժամանակ անց ԱՄՆ իշխանութիւնները Ասանժին նոր մեղադրանքներ ներկայացուցած էին լրտեսութեան եւ գաղտնի տեղեկատւութեան բացայայտման մասին օրէնքի խախտման 17 դրուագներու համար: ԱՄՆ արտայանձնման պարագային անոր կը սպառնայ մինչեւ 175 տարուան ազատազրկում:

Ամերիկեան կողմի փաստաբաններն աւելի վաղ հասկցուցած էին, որ եթէ դատաւորը մերժէ արտայանձնումը, անոնք կը բողոքարկեն որոշումը։ Ասանժի իրաւաբաններու խօսքերով ՝ Wikileaks-ի հիմնադրի գործի քննութիւնը երկար տարիներ պիտի տեւէ եւ կրնայ հասնիլ Մեծ Բրիտանիոյ Գերագոյն դատարան կամ մինչեւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարան, այնպէս որ, ներկայիս վճիռը, ըստ էութեան, կ'աւարտէ գործընթացի միայն նախնական փուլը: