Անցնող օրերուն «Արեւելք»ի խմբագրակազմի անդամներ այցելեցին Արցախ, անոնք եղան Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններ եւ այս առթիւ կատարեցին հարցազրոյցներ: Այս հանդիպումներուն առաջին եղաւ ՝ ԼՂՀ Մարտունի շրջանին մէջ, ուր անոնք ընդունուեցան շրջանի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեանին կողմէ: Այս շարքով կը ներկայացնենք, Արցախի մէջ կատարուած հարցազրոյցներուն առաջինը, Մարտունիի քաղաքապետին հետ:
«Քառօրեայ պատերազմէն ետք, այս օրերուն համեմատական հանդարտ իրավիճակ կը տիրէ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ Մարտունիի քաղաքապետ՝ Մհեր Խաչատրեան: Ան նաեւ նկատել տուաւ, որ «Պատերազմը անընդհատ կը շարունակուէր, շատ փոքր քայլերով, դիրքէ դիրք, մինչեւ հասաւ աւելի մեծ քայլի եւ տեղի ունեցաւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը»: Ըստ քաղաքապետին, «Մարտունին, շատ մօտ ըլլալով սահմանին, մարտունեցիներուն համար անակնկալ չէր այդ մէկը, իբր քաղաքացիներ՝ մենք միշտ կը սպասենք նման զարգացումներու»:
Խաչատրեան, ներկայացնելով պատերազմի առաջին օրերուն Մարտունիի մէջ տիրող ընդհանուր իրադրութիւնը, ըսաւ՝ «Անկեղծ ասած, առաջին ժամերուն պաշտպանութեան ծրագիրներու կամ զինապարտներու հաւաքման խնդիրներ չ'առաջացան: Խաղաղ բնակչութեան մէջ կար թեթեւ լարուածութիւն, բայց մեր տղաները, միասնաբար, մէկ մարդու նման, անմիջապէս յայտնուեցան մեր պայմանաւորուած տեղը, որմէ ետք տեղափոխուեցան զօրամասեր, ուր ստացան զինամթերք ու անցան դիրքեր»,- բացայայտեց պարոն Խաչատրեան:
Ան աւելցուց. «Այս պահուն՝ եթէ այցելէք դիրքեր, մեր տղոց մօտ մարտական ոգին կը տեսնէք եւ անոնք, միայն ու միայն հրաման կամ թոյլտուութիւն կը սպասեն, որպէսզի առաջ երթան»:
Քաղաքապետը նաեւ բացատրեց, որ Մարտունիի խաղաղ բնակչութիւնը լաւատեղեակ է սահմանամերձ ըլլալու վտանգին. իրեն համար սովորական երեւոյթ էր ապրիլեան քառօրեային պատահածը: Սակայն այն սերունդը որ ականատես չէր եղած նախկին պատերազմին, արդէն հասկցաւ պատահարը եւ յարմարեցաւ ներկայ իրավիճակին:
«Ճիշդ է, մենք կը գիտակցինք թէ ունինք անկախ պետութիւն, որ միջազգային հանրութեան կողմէ ճանչցուած չէ, ունինք թշնամի, որ շատ մօտ է մեզի եւ անընդհատ իր գործողութիւններով կը հրահրէ մեզ, պատերազմի վերսկսման ջանքեր կը թափէ, սակայն երբ կը տեսնէ մեր տղոց դիմադրողական պատրաստակամութիւնը, կը դիմէ փախուստի եւ նահանջի»ըսաւ քաղաքապետը:
Երբ 1994-ին ԼՂՀ-ի եւ Ազրպէյճանի միջեւ զինադադար կնքուեցաւ, ԼՂՀ-ն անմիջապէս անցաւ պետականաշինութեան աշխատանքներու, անշուշտ առաջնահերթութիւնը տալով բանակին:
Ունենալ զօրաւոր բանակ, կը նշանակէր ունենալ՝ պաշտպանուած եւ բնականաբար տնտեսապէս զարգացած երկիր: Տարբեր ծրագիրներ կեանքի կոչելու գործընթացը շատ եռանդուն եւ ուժեղ կերպով կատարուեցաւ Ղարաբաղի մէջ: Շուտով սկսան փոքր ու միջին ձեռնարկատիրութեան գործընթացներ, ընկերային տարբեր ծրագիրներ, հանքարդիւնաբերութիւն, անտառատնտեսութիւն, եւ այլն...: Պետութիւնը ամէն ջանք թափեց, բոլոր ոլորտները ոտքի կանգնեցնելու եւ զարգացնելու համար: Ղարաբաղի մէջ այժմ ընկերային օժանդակութեան տարբեր ծրագիրներ կը գործեն, որոնք չկան նոյնիսկ Հայաստանի մէջ, այս կ'ըսեմ ոչ թէ հպարտանալու, այլ հաստատելու, թէ՛ մենք ամէն ճիգ կը թափենք, աւելիով հոգատար ըլլալու մեր բնակչութեան եւ հասնելու զարգացած երկիրներու մակարդակին»,- մատնանշեց «Արեւելք»-ի զրուցակիցը:
Անդրադառնալով Արցախի զարգացման առընթեր սփիւռքի ունեցած դերակատարութեան՝ Մարտունիի քաղաքապետը, ըսաւ. «Զանազան ծրագիրներ կ'իրագործուին Արցախի մէջ: Հիմնականը դպրոցաշինութիւնն ու ճանապարհաշինութիւնն են: Այս մէկը միայն մեր ջանքերով չ'իրականանար, այլ համայն հայութեան շնորհիւ: Ամէն տարի, ինչպէս գիտէք, հեռուստամարաթոն կը կազմակերպուի, համայն հայութեան հանգանակութիւններուն շնորհիւ, «Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի ուժերով եւ մեր պետութեան նիւթական ներդրումով՝ Մարտունին այսօր ունի մշտական խմելու ջուր, որմէ զրկուած էր խորհրդային միութեան տարիներուն:
Նշենք, որ Մարտունին ներկայիս ունի կոյուղագիծեր, որոնք անցեալին չկային: Ունի մշտական ելեքտրական հոսանք, որ նախապէս յաճախակի անջատումներով կը ստանար, անշուշտ պատերազմի տարիներուն եղած հրթիռակոծումներու հետեւանքով:
Վերջին 10 տարիներուն Արցախ մտած է զարգացման նոր փուլ մը: Յատուկ հետաքրքրութիւն կայ գիւղատնտեսութեան զարգացման վերաբերեալ: Մեր բնակչութիւնը խնդիրներու լուծման ձեւերը կը յայտնաբերէ եւ սխալները ուղղելով կը հասնի արդիւնաւէտ գիւղատնտեսութեան: Նոյնիսկ կը մտածուի ստեղծել ոռոգման ցանց, որպէսզի կրկնապատկուած եկամուտ ձեռք բերուի:
Արցախի յաւելեալ կառուցման եւ բարգաւաճման քայլերը ակնյայտ էին, մինչեւ ապրիլեան քառօրեայ պատերազմը: Քիչ մը դանդաղացում արձանագրուեցաւ, ինչ որ բնական է, որովհետեւ այն աշխատուժը, որ զարգացման համար կ'աշխատէր ՝ սահման անցաւ: Եթէ, մեր տղաքը, յարձակման հրաման չստանան, կամ ինչ որ բանակցային համաձայնութիւններ ըլլան, անոնցմէ իւրաքանչիւրը պիտի վերադառնայ իր աշխատանքին ու զարգացնէ իր շէնն ու տունը», -նշեց քաղաքապետ Խաչատրեան:
2016-ին, Մարտունիի մէջ, ասֆալթապատման աշխատանքներ նախատեսուած էին: «Չկան բնակավայրեր, որ իւրայատուկ խնդիրներ չունենան: Ես շեշտը կը դնեմ Մարտունիի ճանապարհաշինութեան վրայ, որովհետեւ այն ասֆալթապատ տարածքները, որոնք ժառանգուած են Խորհրդային Միութենէն, արդէն մաշած են եւ նորոգման կարիքը ունին: Մնացեալ առումներով կան բացթողումներ, սակայն կը համալրուին: Ցաւօք ծաւալը քիչ մը մեծ է, բայց այդ մէկը կ'իրականացնենք: Արդէն սալայատակները պատուած են, փողոցներու եզրին քարեր կը շարենք»,- շեշտեց պարոն Խաչատրեան:
Կրկին անգամ անդրադառնալով սփիւռքին, քաղաքապետ Խաչատրեան ըսաւ.«Հայկական սփիւռքին մասին տեղեկութիւն չունէի, որովհետեւ Խորհրդային իշխանութեան ցանկութիւնը այդպէս էր: Երբ համահայկական ազգային շարժումը սկսաւ, ինծի համար նորութիւն էր սփիւռքը: Մարդիկ, որոնք հայերէն կը խօսին քիչ մը տարբեր բարբառներով, բայց շատ քաղցր ու հաճելի: Անոնք, իրենց լուման ու ներդրումը ունեցան առաջին յաղթանակի կերտման, որ իմ կարծիքով մշտական է: Իսկ քառօրեայ պատերազմին, իմ ու բոլոր արցախցիներուն մէջ, աւելի մեծ սէր յառաջացաւ սփիւռքահայերուն հանդէպ: Լրատուական միջոցներով ականատես եղանք, թէ ինչպէս, համայն հայութիւնը մէկ մարդու նման, մեր կողքը կանգնած է: Ակնյայտ էր անոնց պատրաստակամութիւնը: Այդ հաւատքն ու ներուժը քեզի կու տան լաւատեսութիւն ապագայի նկատմամբ, կը հասկնաս, որ ունիս ազգ եւ կայացած սփիւռք, որոնց վրայ կարելի է վստահիլ, իհարկէ առաջին յոյսդ դնելով դուն քու վրադ եւ զգալով, որ ունիս եղբայր, քոյր՝ ովկիանոսէն այն կողմ: Վերջին օրերուն անգամ մը եւս հպարտացայ, որ հայ եմ»,- իր խօսքը եզրափակեց Մարտունիի քաղաքապետ Մհեր Խաչատրեան: