image

Պէյրութ. «Տըպպայէ» եւ յարակից շրջանի նորակազմ Քաղաքապետական Խորհուրդի այցը՝ ՀՅԴ Կեդրոնատեղի

Պէյրութ. «Տըպպայէ» եւ յարակից շրջանի նորակազմ Քաղաքապետական Խորհուրդի այցը՝ ՀՅԴ Կեդրոնատեղի

Շինիչ գործակցութեան եւ հաղորդակցութեան կապերը ամրապնդելու ծիրին մէջ, Տըպպայէ-Զուք Խրապ-Աուքար-Հարեթ Պըլլանի քաղաքապետութենէն պատուիրակութիւն մը այցելեց «Շաղզոյեան» կեդրոն, ուր տեղի ունեցաւ հանդիպում մը` մասնակցութեամբ քաղաքապետարանի ներկայացուցիչներուն եւ շարք մը քաղաքական ու քաղաքապետական դէմքերու:

Հանդիպումին մասնակցեցան ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Ալպեր Պալապանեան, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան եւ նախկին նախարար Աւետիս Կիտանեան:

Հանդիպումի ընթացքին քննարկուեցան շարք մը կարեւոր հարցեր, որոնց շարքին` գնումի ընդհանուր օրէնքն ու քաղաքապետութիւններու աշխատանքը կարգաւորող օրէնքները:

Ներկաները անհրաժեշտ նկատեցին քաղաքապետութիւնները աւելի կարող դարձնել` գործադրելով վարչական ապակեդրոնացման դրութիւնը, ինչ որ կ՛ամրապնդէ անոնց անկախութիւնն ու կարողութիւնները` աւելի ազդու եւ յարատեւ կերպով ծառայելու քաղաքացիներուն:

Հանդիպումը առիթ մը եղաւ ամրապնդելու Տըպպայէ-Զուք Խրապ-Աուքար- Հարեթ Պըլլանի քաղաքապետութեան եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան միջեւ կապերը, ինչպէս նաեւ վերանորոգելու գործընկերութիւնն ու գործակցութիւնը ՀՅԴ-ի հետ, որ քաղաքապետական վերջին ընտրութիւններուն քաղաքապետական խորհուրդի հիմնական աջակիցներէն էր:

Քաղաքապետական խորհուրդը կը շեշտէ կարեւորութիւնը այսպիսի երկխօսական հանդիպումներու, որոնք կը նպաստեն միացեալ աշխատանքին եւ քաղաքապետական աշխատանքի զարգացման` ի շահ շրջանի բնակիչներուն:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն