«Monument Watch» կազմակերպութիւնը ահազանգ հնչեցուցած է, հաղորդելով որ ատրպէյճանական թելեկրամեան ալիքները 9 Նոյեմբերին հրապարակած են «Մենք ենք, մեր սարերը» (Տատիկ-Պապիկ) յուշարձանէն տեսանիւթեր եւ լուսանկարներ։ Այդ լուսանկարներուն մէջ ակներեւ են յուշարձանին վրայ գրութիւններ, ատրպէյճանցիներու անուններ, մականուններ, հայերն ու Հայաստանը ծաղրող գրառումներ։ Վնասուած է յուշարձանի տարածքը։
Միաժամանակ նկատելի են նոր պնդումներ, ըստ որոնց «թէպէտ յուշարձանը կառուցուած է Խորհրդային տարիներուն Ատրպէյճանի գումարներով, սակայն ան դարձած է հայկական անջատողականութեան խորհրդանիշ, հետեւաբար պէտք է կազմաքանդուի»։
«Կրնանք հաւաստել, որ Պաքուի իշխանութիւնը կը խրախուսէ յուշարձանի քանդումին ուղղուած քննարկումները», կը նշէ վերոյիշեալ աղբիւրը։