Երեւանի մէջ Ռուսիոյ գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնի ղեկավար Վատիմ Ֆեֆիլովը դիմած է ՀՀ ընդհանուր դատախազ Աննա Վարդապետեանին՝ քաղաքացի Սամուէլ Շիրինեանի գործողութիւնները ստուգելու խնդրանքով:
29 յունուարին, ոմն Սամուէլ Շիրինեանի տեսանիւթ յայտնուած էր ընկերային ցանցերու մէջ, ուր կ՚երեւար, թէ ինչպէս ան յուշարձանի մօտէն կը պոկէ ռուսական եռագոյնով ժապաւէնները, կը տրորէ զանոնք, ապա կը նետէ շրջափակուած Լենինկրատի երեխաներու յուշարձանին դրուած ծաղիկները:
Յունուար 26-ին Ռուսիոյ գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնը շրջափակուած Լենինկրատի երեխաներու յուշարձանի մօտ կազմակերպած էր միջոցառում՝ նուիրուած Լենինկրատի շրջափակման վերացման 80-ամեակին: Յուշակոթողին ծաղկեպսակներ, ծաղիկներ խոնարհած էին Ռուսիոյ դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինը, Ռուսական գիտութեան եւ մշակոյթի կեդրոնի, վեթերաններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչները, Երեւանի դպրոցներու աշակերտները:
«Անթոյլատրելի կը համարենք այն գործողութիւնները, որոնք ազգամիջեան երկպառակտութիւն կը հրահրեն եւ այլատեացութեան հիման վրայ բռնութեան կոչ կ՚ընեն Հայրենական մեծ պատերազմի տարիներուն տեղի ունեցած իրադարձութիւններու եւ Ռուսիոյ Դաշնութեան հասցէին հնչեցուած արտայայտութիւններու նկատմամբ», - նշած է Ֆեֆիլովը:
Անկախ պետութիգններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) գործերով Դաշնային գործակալութիւններու, արտերկրի մէջ բնակող հայրենակիցներու անունով միջազգային մարդասիրական համագործակցութեամբ ան խնդրած է Աննա Վարդապետեանէն ստուգում կայացնել եւ իրաւական գնահատական տալ Սամուէլ Շիրինեանի գործողութիւններուն՝ անոր քրէական պատասխանատւութեան ենթարկելով: