Լոնտոն բնակող հայազգի փաստաբան Տաթեւիկ Գրիգորեանը X-ի իր էջին տեղեկացուցած է, որ Մեծ Բրիտանիոյ Իլինկ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշակոթողը՝ խաչքարը, ենթարկուած է վանտալիզմի: Ոստիկանութիւնը կը հետաքննէ։
Ան աւելի վաղ՝ դեռ սեպտեմբերի վերջաւորութեան ներկայ եղած էր խաչքարի բացման արարողութեան եւ այդ ժամանակ նկարած է միջոցառման ներկայ թրքական դրօշներով «գորշ գայլեր»ու ներկայացուցիչները, որոնք ձեռքով ցուցադրած են ֆաշիստական նշանը։