image
Հրատապ լուրեր:

Արա Սաղաթէլեան կալանքի տակ

Արա Սաղաթէլեան կալանքի տակ

 

Երեւան քաղաքի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Արմինէ Մելիքսէթեանի, 21 փետրուարին, «Գագիկ Սողոմոնեան» ֆէյքի (կեղծ օգտատէր) վերաբերեալ քրէական գործով ձերբակալուած ՀՀ ԱԺ աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեանը կալանաւորելու վերաբերեալ որոշում կայացուցած է։

Սաղաթէլեանի պաշտպան Յակոբ Ենոքեանը յայտնած է, որ դատարանը ոչ իրաւաչափ ճանչցած է Սաղաթէլեանը ձերբակալելու մասին ԱԱԾ քննիչի որոշումը՝ բաւարարելով պաշտպանի բողոքը, միեւնոյն ժամանակ բաւարարած է անոր նկատմամբ կալանաւորումը որպէս խափանման միջոց ընտրելու մասին ԱԱԾ քննիչի միջնորդութիւնը։

Նշենք, որ Ազգային անվտանգութեան ծառայութիւնը ձերբակալած է Ազգային ժողովի աշխատակազմի նախկին ղեկավար Արա Սաղաթէլեանը, «Քառեակ մետիա»-ի համահիմնադիր Կարէն Բեքարեանը, «Փարլամենթարիզմի զարգացման միջազգային կեդրոն» հասարակական կազմակերպութեան գրասենեակի տնօրէն Մհեր Աւագեանը եւ քաղաքացի Արամ Սարգսեանը։

Արամ Սարգսեանը դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած է, իսկ Մհեր Աւագեանն ազատ արձակուած։