Գործարար Սամուէլ Կարապետեանի նկատմամբ կալանքը որպէս խափանման միջոց ընտրելու միջնորդութիւնը մերժուած է, կիրառուած է տնային կալանք, գրաւ եւ բացակայելու արգելք։ Այս մասին դիմատետրեան իր էջին յայտնած է փաստաբան Արամ Վարդեւանեանը:
«Շուրջ 14 ժամ տեւած դատական նիստի արդիւնքում դատաւոր Դոլմազեանն արձանագրեց, որ կալանքը որպէս խափանման միջոց չի կարող պահպանուել»,- նշած է Վարդեւանեանը։
Փաստաբանի խօսքով՝ դատարանը վերացուցած է նաեւ հրապարակային յայտարարութիւններ եւ կոչեր ընելու նախապէս գործող սահմանափակումը՝ յղում ընելով Վերաքննիչ հակափտածութեան դատարանի դիրքորոշման։