image

«Անկասկած, որ Արցախը պիտի ունենայ ուժեղ բանակ» Վիտալի Բալասանեան

«Անկասկած, որ Արցախը պիտի ունենայ ուժեղ բանակ» Վիտալի Բալասանեան

Արցախը պիտի ունենայ աւելի մոպիլ, աւելի մարտունակ զինուած ուժեր:  Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան հետ հարցազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը:

«Որեւէ մէկի մտքով թող չանցնի, որ Արցախը չի ունենալու Զինուած ուժեր:  Արցախը երբեք չենք թողնելու որեւէ մէկի գրկում , Արցախը լինելու հայկական»,- նշած է Բալասանեանը:

Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ներքաղաքական իրավիճակի հետ կապուած խնդիրներուն: Բալասանեանը նշած է, որ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին քաղաքակիրթ ճանապարհով, եւ Արցախը պիտի օգնէ Հայաստանին այդ հարցով: