Արցախը պիտի ունենայ աւելի մոպիլ, աւելի մարտունակ զինուած ուժեր: Արցախի հանրային հեռուստատեսութեան հետ հարցազրոյցի ժամանակ այս մասին ըսած է Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեանը:
Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը նաեւ անդրադարձած է Հայաստանի մէջ ներքաղաքական իրավիճակի հետ կապուած խնդիրներուն: Բալասանեանը նշած է, որ բոլոր հարցերը պէտք է լուծուին քաղաքակիրթ ճանապարհով, եւ Արցախը պիտի օգնէ Հայաստանին այդ հարցով: