image

Անդրանիկ Սիմոնեան նշանակուած է ԱԱԾ-ի պետի տեղակալ

Անդրանիկ Սիմոնեան նշանակուած է ԱԱԾ-ի պետի տեղակալ

 

ՀՀ նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով՝ Անդրանիկ Սիմոնեանը նշանակուած է ԱԱԾ պետի տեղակալ: Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ նախագահի մամուլի գրասենեակէն:

 

«Հիմք ընդունելով վարչապետի առաջարկութիւնը` համաձայն Սահմանադրութեան 133-րդ յօդուածի 1-ին մասի, ինչպէս նաեւ «Ազգային անվտանգութեան մարմիններում ծառայութեան մասին» օրէնքի 18-րդ յօդուածի 2-րդ մասի.

Անդրանիկ Սիմոնեանին նշանակել Հայաստանի Հանրապետութեան ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէնի տեղակալ»,- ըսուած է Նախագահի հրամանագիրին մէջ:

Յատկանշական է, որ այսօր առաւօտեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ Անդրանիկ Սիմոնեանն ազատուած է Քննչական կոմիտէի նախագահի տեղակալի պաշտօնէն: Ան այդ պաշտօնին նշանակուած էր  քանի մը օր առաջ՝ 26 մարտին: