image

Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Թուրքիա

Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը պիտի մեկնի Թուրքիա

Ալեն Սիմոնեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնն ապրիլ 16-19-ը պիտի մեկնի Թուրքիա՝ Իսթանպուլ, մասնակցելու Միջխորհրդարանական միութեան 152-րդ վեհաժողովին։

Այս մասին կը տեղեկանանք ՀՀ Ազգային Ժողովէն։

Ազգային Ժողովի նախագահի կարգադրութեան համաձայն՝ Թուրքիա պիտի մեկնին Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Սարգիս Խանդանեանը, Ֆինանսավարկային եւ պիւտճէթային հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Ծովինար Վարդանեանը, «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Յասմիկ Յակոբեանը: