Հայկական ծագումով ամերիկացի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը դիմած է իր ֆինանսական խորհրդատուներուն. ան կը փորձէ ամուսնալուծութեան հարցով այնպիսի լուծում գտնել, որ լաւագոյնը կ'ըլլայ ընտանիքի անդամներու համար, կը յայտնէ US Magazine-ը:
Զոյգն ամուսնացած էր 2014 թուականին՝ Իտալիոյ մէջ եւ ունի 4 երեխայ:
Աղբիւրը տեղեկացուցած է, որ զոյգը վաղուց առանձին կ'ապրի. անոնց բաժանութեան մասին յայտարարուած է այն բանէն ետք, երբ աստղի ծննդեան 40-ամեակի խնճոյքին ռեփըրը ներկայացած է ուշացումով եւ չէ մասնակցած սուրբծննդեան հաւաքոյթին:
Զոյգի ընկերները նշած են, որ ամուսնալուծութիւնը կրնայ «թարմ մեկնարկ» ըլլալ անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար: