image

Ամուսնալուծման համար. Քիմ Քարտաշեան «լաւագոյն» տարբերակը կը փնտռէ

Ամուսնալուծման համար. Քիմ Քարտաշեան «լաւագոյն» տարբերակը կը փնտռէ

Հայկական ծագումով ամերիկացի հեռուստաաստղ Քիմ Քարտաշեանը դիմած է իր ֆինանսական խորհրդատուներուն. ան կը փորձէ ամուսնալուծութեան հարցով այնպիսի լուծում գտնել, որ լաւագոյնը կ'ըլլայ ընտանիքի անդամներու համար, կը յայտնէ  US Magazine-ը:

 «Քիմը պատրաստ է բաժնելու իր եւ Քանյէի համատեղ ունեցուածքը», – նշած է աղբիւրը եւ յայտնած, որ Քարտաշեանը ամուսնալուծութեան հարցով դատական գործ պիտի յարուցէ սեպտեմբերին:

Զոյգն ամուսնացած էր 2014 թուականին՝ Իտալիոյ մէջ եւ ունի 4 երեխայ:

Աղբիւրը տեղեկացուցած է, որ զոյգը վաղուց առանձին կ'ապրի. անոնց բաժանութեան մասին յայտարարուած է այն բանէն ետք, երբ աստղի ծննդեան 40-ամեակի խնճոյքին ռեփըրը ներկայացած է ուշացումով եւ չէ մասնակցած սուրբծննդեան հաւաքոյթին:

Զոյգի ընկերները նշած են, որ ամուսնալուծութիւնը կրնայ «թարմ մեկնարկ» ըլլալ անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար: