Ատրպէյճանի մօտ Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի դեսպանները բացայայտօրէն արհամարհած են Շուշի այցելելու կառավարութեան հրաւէրը։ Այդ մասին յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով բաժնի ղեկավար՝ Հիքմեթ Հաճիեւ Շուշիիի մէջ ընթացող խորհրդաժողովի ծիրէն ներս:
«Այդ պէտք է գնահատել որպէս Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան չճանաչում»,- բողոքած է Հաճիեւ` դեսպաններու քայլը գնահատելով որպէս «անյարգալից վերաբերմունք Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան նկատմամբ, որովհետեւ, այդ երկիրներուն կարծիքով, հակամարտութիւնը դեռ աւարտած չէ»:
Հաճիեւի խօսքով՝ Ֆրանսա ու ԱՄՆ, որպէս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներ, որեւէ ներդրում չեն ունեցած հակամարտութեան կարգաւորման գործին մէջ: «Անոնք մեզմէ 30 տարի խլած են: Այս այցին չմասնակցելով՝ անոնք հերթական անգամ արհամարհանք արտայայտեցին»,- դժգոհած է Ատրպէյճանի նախագահի օգնականը:
«ԵԱՀԿ Մինսքի խումբը վերակենդանացնելու փորձերը կեղծաւոր եւ ամօթալի են։ Մեզի համար այլեւս նման հաստատութիւն չկայ։ Մինսքի խումբը կազմակերպութիւն է, որ ինքնասպանութիւն գործած է, այն արդէն պատմութիւն է»,- աւելցուցած է Հաճիեւ: