Ատրպէյճանի նախագահի օգնական, նախագահի աշխատակազմի արտաքին քաղաքականութեան բաժնի ղեկավար Հիքմեթ Հաճիեւը յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի առաջնորդներու վերջին հանդիպումն անցած է կառուցողական մթնոլորտի մէջ։
«Ատրպէյճնը եւ Հայաստանը թեւակոխած են խաղաղութեան նոր դարաշրջան։ Ատրպէյճանի համար հակամարտութիւնն աւարտած է։ Մենք կը սորվինք խաղաղ ապրիլ եւ կը շարժինք այդ ուղղութեամբ»,-ըսած է ան։
Անոր խօսքով՝ կողմերը պայմանաւորուած են շարունակել խաղաղութեան օրակարգի առաջմղումը եւ սկսած երկկողմ համագործակցութիւն՝ երկու երկիրներու միջեւ վստահութեան ամրապնդման նպատակով։
Հաճիեւը նաեւ նշած է, որ քննարկուած է առեւտրային յարաբերութիւններու զարգացումը, այդ շարքին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ ամբողջ տարածաշրջանի միջեւ փոխադրային կապերու ընդլայնումը։