Ուշագրաւ էր Մանուշեանին ազգային պատկանելիութեան անդադար յիշեցումը. այդ առիթով Ցեղասպանութենէն վերապրած ըլլալը կամ հայաստանեան իր հայրենիքին նկատմամբ ունեցած երազանքը: Այս ընդգծումները քաղաքական տրամաբանութեամբ միայն Մանուշեանի կեանքի փուլերուն անդրադարձով չեն բացատրուիր:
Անցանք արդէն իրադարձութեան քաղաքական դիտարկումներուն: Պանթէոնի արարողութիւնը լուսաբանելու, անոր արձագանգելու առումով համաֆրանսական տեղեկատուական քաղաքականութիւնը համահունչ էր պետականին: Հարցազրոյցներ, վերլուծումներ եւ վաւերագրական տեսանիւթեր համոզեցին, որ երկար ատենէ ի վեր կար նախապատրաստութիւն լրատուական ոլորտին մէջ եւս պետութեան առած քայլերուն համահունչ նախապատրաստուելու:
Միսաք Մանուշեանի աճիւններու Ֆրանսայի Պանթէոն տեղափոխումի արարողութիւնը կարելի է ըսել, որ տեղի ունեցաւ պետական բարձրագոյն մակարդակով, կատարեալ կազմակերպուածութեամբ եւ համարժէք պատիւի ընծայումով:
Այս ծրագիրը իբրեւ առաջադրանք պատմական ունի եւ վաղուց կ՛արծարծուէր: Անպայման Դիմադրութեան 23 մարտիկներու գնդակահարութեան 80-ամեակը կրնար չըլլալ այն մղիչ գործօնը կամ առիթը` նման բարձրամակարդակ իրադարձութիւն կայացնելու: Աւելի ճիշդը, անիկա միակ առիթը չէր, եթէ փորձենք քաղաքական պահու տրամաբանութեան պարունակին մէջ դիտարկումներ արձանագրել:
Ներֆրանսական առումով կար յստակ ուղերձ: Յաճախ յիշուեցաւ, որ Մանուշեան երկու անգամ Ֆրանսայի քաղաքացիութեան դիմած է եւ մերժուած: Շեշտուեցաւ ջոկատին օտար, ոչ ֆրանսացիներէ բաղկացած ըլլալը:
Այս երեւոյթներու արծարծումները շատ արագ կապուեցան վերջին շրջանին գաղթականներու վերաբերող եւ խնդրայարոյց նկատուող օրէնքի նախագիծին հետ, որուն նկատմամբ բանավէճերը կամ տարբեր հոսանքներու հակոտնեայ դիրքորոշումները կը շարունակուին: Աւելի սուր քննադատուեցաւ աջակողմեան շրջանակը, որ արմատական դիրքորոշում ունի գաղթականներուն նկատմամբ կիրարկուող քաղաքականութեան դէմ:
Կարելի է հաստատել, որ Ֆրանսայի նախագահի խօսքը փայլուն շարադրանքով ներառած էր թէ՛ համամարդկային, թէ՛ գրական-մշակութային, թէ՛ ազգային, եւ թէ՛ պայքարի, գաղափարի ու զոհաբերութեան առումով արժէքային համակարգի կարեւորագոյն բաղադրիչներ: Կը թուէր, որ ոչ միայն Ֆրանսան, այլեւ ընդհանրապէս աշխարհը հեռացած էր գաղափարական այդ արժէքներէն: Խօսքը այդ առումով վերաշեշտեց ազատութեան, արդարութեան եւ եղբայրութեան ֆրանսական յեղափոխութեան գաղափարական հիմնադրոյթները:
Ուշագրաւ էր Մանուշեանին ազգային պատկանելիութեան անդադար յիշեցումը. այդ առիթով Ցեղասպանութենէն վերապրած ըլլալը կամ հայաստանեան իր հայրենիքին նկատմամբ ունեցած երազանքը: Այս ընդգծումները քաղաքական տրամաբանութեամբ միայն Մանուշեանի կեանքի փուլերուն անդրադարձով չեն բացատրուիր:
Անցանք արդէն իրադարձութեան քաղաքական դիտարկումներուն: Պանթէոնի արարողութիւնը լուսաբանելու, անոր արձագանգելու առումով համաֆրանսական տեղեկատուական քաղաքականութիւնը համահունչ էր պետականին: Հարցազրոյցներ, վերլուծումներ եւ վաւերագրական տեսանիւթեր համոզեցին, որ երկար ատենէ ի վեր կար նախապատրաստութիւն լրատուական ոլորտին մէջ եւս պետութեան առած քայլերուն համահունչ նախապատրաստուելու:
Մանուշեանի կեանքին ներկայացման համար ֆրանսացի լրագրողական խումբեր հասած էին Լիբանան` այցելելու համար այն որբանոցները, ուր մնացած էր Մանուշեան, եւ շեշտելու Ցեղասպանութենէն վերապրած որբերու համատարած երեւոյթը:
Այս բոլորը կը զուգադիպին պաշտօնական Փարիզի` Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ հետզհետէ աւելի զօրակցական բնոյթ ստացող յայտարարութիւններու բարձրաձայնումին: Կը զուգադիպին առաջին անգամ ըլալով Ֆրանսայի պաշտպանական համակարգի գերատեսչութեան ղեկավարի մը Երեւան այցելութեան: Նոր սպառազինութիւններու մասին համաձայնութիւններու: Կը զուգադիպին նաեւ Եւրոպական Միութիւն-Հայաստանի Հանրապետութիւն համագործակցութեան խորացման նոր ուղղութիւններուն:
Մանուշեանի աճիւններու փոխադրութեան նախօրեակին եւ արարողութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահին յայտարարութիւնները եւ անոնց յաջորդած պաշտպանութեան նախարարի այցելութեան հետ կապուած քննարկումներն ու հրապարակուած օրակարգերը քաղաքական ընթերցումով կապ ունին պանթէոնացումի կայացման բարձրագոյն մակարդակին, երեւոյթի թէ՛ ֆրանսական, թէ՛ հայկական եւ թէ՛ համամարդկային տարողութեամբ ներկայացումին հետ:
Ամփոփ բանաձեւումը այս բոլորին, Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարարին կատարած յայտարարութիւնն էր Երեւանի մէջ, թէ «կարելի է ըսել, որ շատ իւրօրինակ շաբաթ էր Ֆրանսայի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններուն համար»: Շաբաթը, փաստօրէն, ներառած էր թէ՛ նախագահի յայտարարութիւնները, թէ՛ Մանուշեանի աճիւններու Պանթէոն տեղափոխումը եւ թէ՛ պաշտպանութեան նախարարին Երեւան այցելութիւնը:
«Ա.»