image

Իրան գտնուող Վրաստանի քաղաքացիներու տարհանման ելքերէն մին Հայաստանի ճանապարհն է

Իրան գտնուող Վրաստանի քաղաքացիներու տարհանման ելքերէն մին Հայաստանի ճանապարհն է

Հայաստանը Վրաստանի կողմէ Իրանէն իր քաղաքացիները տարհանելու համար առաջարկուող երթուղիներէն մէկն է։ Այս մասին յայտնած է Թեհրանի մէջ վրացական դիւանագիտական ներկայացուցչութիւնը։

Խօսքը հայ-իրանական սահմանին «Նուրդուզ» («Ագարակ») սահմանային անցակէտի մասին է։

Նշուած է, որ դեսպանութիւնն արդէն խորհրդատւութիւն տրամադրած է եւ օգնութիւն ցուցաբերած Իրանի մէջ գտնուող Վրաստանի աւելի քան 100 քաղաքացիներու: