Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոէլ Պարոն դիմելով Իրանի մէջ գտնուող Ֆրանսայի քաղաքացիներուն, յայտնած է, որ Իրանէն կրնան դուրս գալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ սահմանով։ Իրան-Իսրայէլ պատերազմի պատճառով Իրանի օդային տարածքը փակ է։
X-ի իր էջին նախարարը նշած է, որ բոլոր այն քաղաքացիները, որոնք կ՚ուզեն լքել երկիրը եւ դեռ չեն կապուած դեսպանատան հետ, պէտք է հնարաւորինս արագ յայտնեն այդ մասին։ Նախարարը յայտնած է, որ Հայաստանը եւ Թուրքիան կրնան ընդունիլ անոնց առանց վիզայի։
Յունիս 2-ին Սիւնիքի մարզի Գորիս քաղաքին մէջ Ֆրանսան պատուոյ հիւպատոսութիւն բացած է։
Այն քաղաքացիները, որոնք չեն կրնար ինքնուրոյն հասնիլ Թուրքիոյ կամ Հայաստանի սահման, պիտի տեղափոխուին շարասիւնով մինչեւ շաբթուայ վերջ։
Նախարարը յայտնած է, որ ֆրանսական խումբերն արդէն տեղակայուած են երկու սահմաններուն՝ աջակցելու Ֆրանսայի քաղաքացիներուն՝ դիւրացնելու համար հիւպատոսական ընթացակարգերը։ Սահմանն անցնելէ ետք քաղաքացիները պիտի տեղափոխուին օդակայաններ։
Յունիս 13-էն Իսրայէլը պատերազմ սկսած է Իրանի դէմ՝ թիրախաւորելով միջուկային կառոյցները։ Իրանը պատասխան օդային արուածներ հասցուցած է։ Մէկ շաբաթ ընթացքով օդային պատերազմի ընթացքին երկու կողմէն ալ զոհեր եւ վիրաւորներ կան։