image

Ականուած ինքնաշարժի պայթում՝ «Ռաս ուլ այն»ի մէջ. Կան տուժածներ

Ականուած ինքնաշարժի պայթում՝ «Ռաս ուլ այն»ի մէջ. Կան տուժածներ

Թուրքիոյ     կողմէ  բռնագրաւուած   կարգ մը  սուրիական շրջաններու մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ սուրիացի լրագրող ՝ Խալէտ Սըքաֆէն։

 

 Մեր աղբիւրը հաղորդեց, իր այսօր ականուած ինքնաշարժի պայթում գրանցուած է «Ռաս ուլ այն» քաղաքին մէջ, որուն հետեւանքով ալ զոհուած է մէկ անձ, ու վիրաւորուած են հինգ ուրիշներ։

 

 Նշենք նաեւ, որ մասնաւորապէս վերջին շաբաթներուն լարուածութիւնը կը շարունակէ տիրական մնալ սուրիական բանակի տիրապետութենէն դուրս գտնուող այդ հատուածներուն մէջ։