Հայաստանի Գլխաւոր դատախազութիւնը հայց ներկայացուցած է «Հակակոռուպցիոն դատարան»՝ պահանջելով Երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն եւ նախկին բարձրաստիճան պաշտօնեաներէն բռնագանձել 670 միլիոն դրամ։ Տեղեկութիւնը հրապարակուած է «Դատալեքս» դատական տեղեկատուական համակարգին մէջ։
Հայցը կը վերաբերի 2008-ի մարտ 1-2-ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ժամանակ տուժած անձանց պետութեան կողմէ տրուած աջակցութեան գումարին։ Դատախազութիւնը կը պահանջէ այդ գումարը ետ վերցնել երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանէն, նախկին փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեանէն, պաշտպանութեան նախկին նախարար Սէյրան Օհանեանէն եւ ԶՈՒ գլխաւոր սպայակոյտի նախկին պետ Եուրի Խաչատուրովէն։
Հայցադիմումը ներկայացուած է օգոստոս 11-ին եւ մակագրուած է «Հակակոռուպցիոն դատարան»ի դատաւոր Աշխէն Ղարսլեանին։
Յատուկ քննչական ծառայութեան տուեալներու համաձայն՝ 2008-ի մարտ 1-2-ը Երեւանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններու ժամանակ զոհուած է 10 անձ, առողջութեան ծանր վնաս հասցուած է՝ 10 եւ միջին ծանրութեան վնաս՝ 54 անձի։