image

Մասիսի մէջ բախած են «Chevrolet Volt»-ը եւ «Mercedes»-ը. կան տուժածներ

Մասիսի մէջ բախած են «Chevrolet Volt»-ը եւ «Mercedes»-ը. կան տուժածներ

Ինքնաշարժներու արկած տեղի ունեցած է Արարատի մարզին մէջ։ Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, Մասիս քաղաքի Երեւանեան փողոցին մէջ ճակատ ճակատի բախած են «Chevrolet Volt» մակնիշի եւ «Mercedes» մակնիշի ինքնաշարժները։

Ըստ աղբիւրին՝ արկածի հետեւանքով 2 վարորդները մարմնական վնասուածքներով փոխադրուած են «Էրեբունի» բժշկական կեդրոն։

Դէպքի վայր ժամանած են ՀՀ Ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան Պարեկային ծառայութեան Արարատի մարզի գումարտակի 1-ին վաշտի 2-րդ դասակի պարեկները: 

Արկածի փաստով Մասիսի քննչական բաժինը նախաձեռնած է քրէական վարոյթ, ուր պարզուած են հիւանդանոց փոխադրուած վարորդներու ինքնութիւնը։