image
Հրատապ լուրեր:

Գլխաւորութեամբ Տնօրէն Կրէկուար Գալուստի Մեսրոպեան Վարաժարանի պատուիրակութիւն մը այցելեց՝ Հոգեւոր Տիրոջ

Գլխաւորութեամբ Տնօրէն Կրէկուար Գալուստի Մեսրոպեան Վարաժարանի պատուիրակութիւն մը այցելեց՝ Հոգեւոր Տիրոջ

Տօնական այցելութիւն մը կատարելու նպատակով եւ գլխաւորութեամբ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Կրէկուար Գալուստի պատուիրակութիւն մը այցելած է Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան ստանալու համար օրհնութիւնը Հոգեւոր Տիրոջ։

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ վարժարանի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝

Սուրբ Ծննդեան եւ Ամանորի տօներուն առիթով, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տեսչական կազմի անդամները, գլխաւորութեամբ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի, շնորհաւորական այցելութիւն մը կատարեցին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ Տէր ՌաֆայԷլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքին` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարանին մէջ, ու ստացան անոր օրհնութիւնները։ Կազմը շնորհաւորեց նաեւ Արհիապատիւ Տէր Գրիգոր եպիսկոպոս Պատիշահը` նոյն առիթներով:

Նոյն օրը առաւօտուն, Մեսրոպեանի կազմը շնորհաւորական այցելութիւն մը կատարեց Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Հայր Սահակ վարդապետ Քէշիշեանին եւ Տէր ՌաֆայԷլ Ժաուհարժիին:

Կէսօրին, Մեսրոպեանի վարչական անձնակազմը տնօրէնութեան հրաւէրով նշեց զոյգ տօները ագապով մը։