Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած կարգ մը սուրիական շրջաններու մէջ իրավիճակը կը շարունակէ մնալ լարուած։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ սուրիացի լրագրող ՝ Խալէտ Սըքաֆէն։
Մեր աղբիւրը հաղորդեց, իր այսօր ականուած ինքնաշարժի պայթում գրանցուած է «Ռաս ուլ այն» քաղաքին մէջ, որուն հետեւանքով ալ զոհուած է մէկ անձ, ու վիրաւորուած են հինգ ուրիշներ։
Նշենք նաեւ, որ մասնաւորապէս վերջին շաբաթներուն լարուածութիւնը կը շարունակէ տիրական մնալ սուրիական բանակի տիրապետութենէն դուրս գտնուող այդ հատուածներուն մէջ։