image

Երեւան. Ինքնաշարժի մը մէջ տղամարդու դիակ յայտնաբերուած է

Երեւան. Ինքնաշարժի մը մէջ տղամարդու դիակ յայտնաբերուած է

Այսօր՝ օգոստոս 20-ին, ողբերգական դէպք տեղի ունեցած է Երեւանի մէջ: Ինչպէս յայտնած է Shamshyan.com-ը, ժամը 07:20-ի սահմաններուն ՀՀ ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութեան համայնքային ոստիկանութեան գլխաւոր վարչության Մաշտոցի բաժին տեղեկութիւններ ստացուած են, որ Արզումանեան փողոցի 7 հասցէին վրայ՝ ճանապարհի երթեւեկելի գօտիի աջ մասին վրայ «Լատա» մակնիշի մեքենային մէջ դի կայ:

Պարզուած է, որ ստացուած տեղեկութիւնը հաւաստի է: 

«Լատա» մակնիշի մեքենային մէջ՝ վարորդի նստատեղին, յայտնաբերուած է տղամարդու մարմին:  

Դատաբժշկի նախնական եզրակացութեան համաձայն՝ արտաքին զննութեամբ դիակի վրայ բռնութեան հետքեր չեն յայտնաբերուած։ 

Համայնքային ոստիկանները պարզած են, որ մահացածը Երեւանի բնակիչ 67-ամեայ Հայկ Մ.-ն է:  

Դէպքի փաստով Աջափնեակ եւ Դաւիթաշէն վարչական շրջաններու քննչական բաժնէն ներս նախաձեռնուած է քրէական վարոյթ: 

Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ տղամարդը յանկարծամահ եղած է: