image

Աղտամի մէջ պայթում ... Տուժածները ատրպէյճանցի զինուորներ են

Աղտամի մէջ պայթում ... Տուժածները ատրպէյճանցի զինուորներ են

 

Աղտամի շրջանին մէջ 4 փետրուարի ցերեկը տեղի ունեցած պայթումի հետեւանքով զոհուած է ատրպէյճանցի զինծառայող Կուպատ Զէյնալովան: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնբրես»-ը, վկայակոչելով ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, այս մասին յայտնած է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։

 

Միւս երկու զինծառայողները՝ Նեմաթ Պապաեւը եւ Պալակարտաշ Մալիքմամետովը, տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են։ Ներկայիս անոնք կը գտնուին բժիշկներու հսկողութեան տակ, անոնց կեանքին վտանգ չի սպառնար։ Յարուցուած է քրէական գործ, կը կատարուի նախաքննութիւն: