Իրանի լրատուակսան գործակալութիւնը լուսանկարներ հրապարակած է, ուր Իրանեան յեղափոխութեան պահակազօրի «Ալ Քուտս» գունդի հրամանատար զօրավար Քասէմ Սուլէյմանի խումբ մը զինուորներու հետ «Իսլամական Պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներէն օրերս ազատագրուած Տէր Զօր քաղաքը կը գտնուի:
Ըստ իրանեան լրատուամիջոցներու, Քասէմ Սուլէյմանին շրջապատած զինուորները Տէր Զօրի ազատագրման մասնակցած «Ալ Պաքէր» զօրագունտի զինուորներն են:
