Պիտի տեսնե՞մ, բախտը պիտի ունենամ անգամ մըն ալ տեսնել Զարեհ Սրբազանի նման արժանաւոր, վսեմ, մաքրաբարոյ եւ բոլորիս Քրիստոսի կենդանի օրինակ դարձած կերպարին մօտէն քալող կերպար մը: Զարեհ Սրբազանը բեմերէն չէր պոռար, հարցազրոյցներ չէր տար, մեծախօսիկ բառերով հանդէս չէր գար: Անոր գերագոյն արժէքը Քրիստոսի հայացումն էր: Քրիստոսի իրական ոգին մեր մէջ ցանելու առաքելութիւնը: Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Պիքֆայաի դպրեավանքին մէջ իրեն աշակերտած հարիւրաւոր աշակերտներէն զատ լուսահոգի Տ. Զարեհ Արք. Ազնաւուրեանը, ունէր վանքի շրջափակէն դուրս ապրող հազարաւոր աշակերտներ: Մենք բոլորս իր աշակերտներ էինք: Խոնարահաբար կը պատասխանէր մեր բոլոր հարցումներուն, տատանումներու պահերուն իր պարթեւական հասակով կը խօսէր մեզի: Քրիստոսի ոգեղէն էութիւնը նոր պատկեր կը ստանար անոր մաքուր բերնէն ելած սրբագոյն բառերով: Անապական ջուրով կը մաքրէր մեր մեղքերը եւ հեզութեամբ կը լուար իր աշակերտներուն ոտքերը: Սրբազան հօր հետ մեր ապրած ամէն ռոպէն երանական պահ էր: Չէր խօսէր մեծ բառերով: Քրիստոնէութիւնն ու եկեղեցին չէր շփոթեր այլ բաներու հետ ու մանաւանդ իր խոնարհ հոգեւորականի կերպարով մեզ կը մօտեցնէր եկեղեցիէն: Եթէ եկեղեցին Քրիստոսի հարսն է ապա Զարեհ Սրբազանը իր երկրային կեանքը վերածեց մեզ դէպի եկեղեցին տանող իսկական կամուրջի մը:
Իր աշակերտները այնքան սիրեցին զինք, որ հիւանդութեան օրերուն իրենց մարմի օրկանն անգամ նուիրաբերեցին անոր: Բոլորս կը հաւատայինք, որ Սրբազանը պիտի առողջանայ եւ բուժուի: Չէինք հաւատար, որ դարանակալ հիւանդութիւնը պիտի կրնայ հիւծել մեր սիրելի Սրբազան հօր մարմինը: Աւելի ուշ համոզուեցանք, որ անոր երկրային կեանքը հասած է իր լրումին ու Սրբազանը այլեւս մեր հետ չէ:
Կը մնան անոր իմաստուն խօսքերը, քրիստոնէաբարոյ ուսմունքը ու մեզ բոլորիս կտակած իրական հաւատքի սերմը, որ ամէն տատանումէ ետք պիտի ցանուի պարարտ հողին մէջ:
Մեր մեղքերը, փուճ յոխորանքը եւ ինքախաբէութիւնը մաքրաջրող Զարեհ Սրբազանը իր նուիրական խօսքով մեզի համար, ինչպէս երէկ այսօր եւս անսասան փարոսն է հասնելու Քրիստոսի իրական բառին: Անոր հաւատքի բառը մեր մէջ պարարտ պիտի դառնայ եւ բաշխուած օրհնութեան պէս պիտի տարածուի սիրտերուն եւ հոգիներուն մէջ:
Սրբազան հօր աւանդը եւ անոր ապրեցնող խօսքը այսօր աւելի քան որեւէ ժամանակ վահան են մեզի համար մտնելու տաճարէն ներս եւ աղօթելու մեր եկեղեցւոյ բարօրութեան համար:
Սրբազանը չէր պոռար քարոզ տուած պահուն:
Քրիստոս ինք եւս չէր պոռար քարոզած պահուն:
Սրբազան հօր սրբութեան սքեմը եւ անոր համոզիչ քարոզները դաս թող ըլլան բոլոր անոնց, որ կոչուած են այսօր անսասան պահել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին:
Սագօ Արեան