ՄԱԿ-ի Մանկական հիմնադրամ՝ ՅՈՒՆԻՍԵՖ այսօր`13 մարտին հրապարակած իր հաղորդագրութեան մէջ կը գրէ, որ 2016-ին շուրջ 650 սուրիացի երեխաներ մահացած են Սուրիոյ մէջ շարունակուող հակամարտութեան արդիւնքով, որ չորեքշաբթի օր պիտի բոլորէ իր վեցերորդ տարին: Այս թիւը պատերազմի ընթացքին զոհուած երեխաներու ամենաբարձր գրանցուած թիւն է կազմակերպութեան մօտ,-ըսուած է զեկոյցին մէջ:
«Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմը Մերձաւոր Արեւելքի ազգի եւ երեխաներու պատմութեան ամբողջ ընթացքը փոխեց», յայտարարծ է ՅՈՒՆԻՍԵՖ, նշելով, որ 2016-ը ամենավատ տարին եղած է նաեւ սուրիացի երիտասարդներուն համար: «Այսքան խոր տառապանքը աննախադէպ էր», - ըսած է ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ի Մերձաւոր Արեւելքի տարածաշրջանային գլխաւոր տնօրէն Կերթ Քափըլըր:
Զեկոյցին մէջ նշուած է նաեւ, որ դպրոցներ, հիւանդանոցներ, խաղահրապարակներ եւ այլ վայրեր, ուր յաճախ երեխաներ կը գտնուին դարձած են անապահով, յարձակումներու թիրախ դառնալու պատճառով: ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ի համաձայն 2016-ին առնուազն 255 երեխայ դպրոցներուն վրայ եղած յարձակումներուն հետեւանքով մահացած են:
Նոյն զեկոյցը նաեւ կը տեղեկացնէ, որ 6 միլիոն սուրիացի երեխայ, կեաքը գոյատեւելու համար մնացած է մարդասիրական օգնութիւններու յոյսին: Սակայն անոնց շուրջ 250,000-ը շրջափակուած տարածքներէն ներս կը գտնուին, ուր օգնութիւններ չեն հասնիր:
Սուրիոյ իրավիճակի վատթարացման զուգահեռ, ընտանիքները ստիպուած եղած են ծայրայեղ քայլերու դիմել, ինչպէս օրինակ, իրենց երեխաները մղած են ծանր աշխատանքներու կամ կանուխ ամուսնութեան: Աւելի քան 850 երեխայ մասնակցած են պատերազմի, որոնց թիւը 2015-ի ցուցանիշին համեմատած՝ կրկնապատկուած է, -կ'ըսէ ՅՈՒՆԻՍԵՖ-ը:
«Իւրաքանչիւր երեխայ կեանքը կորսնցնելու սարսափի մէջ կ'ապրի, ինչը վատ անդրադարձ կ'ունենայ անոնց առողջութեան եւ ապագայ բարեկեցութեան վրայ», - ըսած է Քափըլըր: