image

Արեւմուտքի երկիրներն իրենց շուրջ երկաթեայ վարագոյր տեղադրած են, որմէ իրենք ալ կը տnւժեն. Վոլոտին

Արեւմուտքի երկիրներն իրենց շուրջ երկաթեայ վարագոյր տեղադրած են, որմէ իրենք ալ կը տnւժեն. Վոլոտին

 

Արեւմուտքի երկիրները իրենց շուրջ երկաթեյա վարագոյր տեղադրած են, որմէ իրենք ալ կը տուժեն։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Պետական Տումայի նախագահ Վիաչեսլաւ Վոլոտին։

«Այսօր Արեւմուտքի երկիրները իրենց շուրջ երկաթեայ վարագոյր հաստատած են, որմէ այժմ իրենք ալ կը տուժեն։ Դուք կը տեսնէք, որ պետութիւններու բազմաթիւ ղեկավարներ այդ պատճառով մոռացութեան գիրկը անցած են։ Հետեւաբար, անոնք պէտք է փոխուին, այլապէս զիրենք պիտի փոխեն», ըսած է Վոլոտին՝ լրագրողներուն հետ զրոյցի ընթացքին։

Անոր խօսքով՝ արեւմտեան երկիրները, ներառեալ՝ Միացեալ Նահանգները, Ռուսիոյ դէմ սահմանուած պատժամիջոցներու թիւով արձանագրած են աննախադէպ ցուցանիշ՝ ներքաշուելով քաղաքականութեան մը մէջ, որ, ըստ Վոլոտինի, վնաս կը հասցնէ նաեւ իրենց սեփական տնտեսութեան։

«Պէտք է մտածել զարգացման մասին եւ ոչ թէ զբաղիլ պատժամիջոցներով», աւելցուցած է Տումայի նախագահը։