image

Սուրիոյ հայութիւնը՝ վտանգներուն դիմաց, բայց ոչ վախի մէջ

Սուրիոյ հայութիւնը՝ վտանգներուն դիմաց, բայց ոչ վախի մէջ

Դիւրին եւ շնորհակալ գործ մը չէ այս օրերուն խօսիլ Սուրիոյ իրավիճակին մասին։ Մանաւանդ՝ Սուրիոյ հայութեան մասին։

Երկիրը տակաւին կը գտնուի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական բարդ զարգացումներու փուլի  մը մէջ։ Ամէն օր նոր հարց մը կը ծագի , նոր անորոշութիւն մը կը յայտնուի, եւ երբեմն՝ մէկ նախադասութիւն մը բաւարար կ՚ըլլայ ամբողջ իրականութիւն մը սեւով ներկելու համար։

Բայց Սուրիոյ հայութեան մասին խօսելու ատեն ես կը կարծեմ, որ պէտք է քիչ մը աւելի հանգիստ հայացքով նայինք իրերուն։

Ոչ թէ որովհետեւ ամէն ինչ լաւ է։

Այլ որովհետեւ իրականութիւնը շատ աւելի բարդ է, քան այն վերնագիրները, որոնք ամէն օր կը տարածուին ընկերային ցանցերու վրայ։

Սուրիոյ հայութիւնը այսօր ալ կը շարունակէ ապրիլ իր դարաւոր ներկայութիւնը պահպանելու, վերականգնելու եւ նոր պայմաններուն յարմարուելու փորձով։ Եւ այս իրականութիւնը մէկ չափանիշով կամ մէկ քաղաքի օրինակով կարելի չէ բացատրել։

Դամասկոսի, Հալէպի, Լաթաքիոյ, Գամիշլիի եւ հայկական ներկայութիւն ունեցող այլ շրջաններու պայմանները իրարմէ տարբեր են։ Իւրաքանչիւր քաղաք ունի իր խնդիրները, իր մտահոգութիւնները, իր վախերը, բայց նաեւ՝ իր յոյսերը։

Հետեւաբար, Սուրիոյ հայութեան մասին ամբողջական պատկեր մը կազմելու համար պէտք է նայիլ այդ բոլոր իրականութիւնները հաշուի առնելով։

Ճիշդ է՝ պատկերը դիւրին չէ։

Սուրիոյ հիմնական քաղաքներուն մէջ, մանաւանդ Հալէպի, Դամասկոսի, Լաթաքիոյ եւ Գամիշլիի պարագային, հայութեան կեանքը մտած է նոր շրջանի մը մէջ։ Որոշ տեղերու մէջ ներքաղաքական եւ ընկերային կեանքը աւելի հաստատուն դարձած է, մինչ այլ շրջաններու մէջ ապահովական հարցը տակաւին կը մնայ գլխաւոր մտահոգութիւնը։

Դամասկոսի մէջ, օրինակ, տնտեսական դժուարութիւններուն կողքին ապահովական անորոշութիւնը կը շարունակէ ծանրանալ առօրեային վրայ։ Հալէպի մէջ, ընդհակառակը, որոշ չափով աւելի հաստատուն կեանք մը կը նկատուի։

Բայց ամբողջ Սուրիան նոյն չափանիշով չափել կարելի չէ։

Տարիներու պատերազմը իր հետքը ձգած է ամէնուր։ Տնտեսական տագնապը տակաւին ծանր է։ Արտագաղթը իրականութիւն է։ Նոր քաղաքական համակարգը դեռեւս իր վերջնական ձեւը չէ գտած։ Քաղաքացիութեան, իրաւահաւասարութեան, քաղաքական մասնակցութեան եւ ապահովութեան հարցերը տակաւին բաց են։

Այս բոլորը տեսնել պէտք է։

Բայց նոյնքան կարեւոր է տեսնել նաեւ այն, ինչ որ տակաւին գոյ է, կ՚ապրի ու կը շարունակէ իր գոյատեւումը։

Եկեղեցիները կը շարունակեն իրենց առաքելութիւնը։ Դպրոցները կը պահեն իրենց գոյութիւնը։ Համայնքային կառոյցները կը փորձեն շարունակել իրենց աշխատանքը։ Ընտանիքները կը փորձեն կազմակերպել իրենց առօրեան։ Մարդիկ կը փորձեն աշխատիլ, ապրիլ եւ իրենց զաւակներուն ապագան կառուցել։

Այսինքն՝ այո՛, կայ մտահոգութիւն։

Կայ զգօնութիւն։

Կայ տնտեսական ծանրութիւն։

Բայց կայ նաեւ կեանք։

Եւ հոս է, որ ես կ՚ուզեմ անդրադառնալ վերջին օրերուն Սուրիոյ հայկական պատուհանէն մեզի հասած ուշագրաւ երեւոյթի մը, որ որոշ շրջանակներու մօտ բնականաբար մտահոգութիւն յառաջացուց։

Խօսքը Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Դամասկոսի թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Արմաշ արք. Նալպանտեանի անունով տարածուած արտայայտութիւններուն մասին է, որ պատճառ դարձաւ մեծ աղմուկի մը, եւ որմէ ալ փորձեցին օգտուտներ քաղել հայութեան իրական առաքելութիւնէն ու դերէն դժգոհ մնացած կողմեր…։

Արմաշ Սրբազանի խօսքերուն աղաւաղումը

Վերջին օրերուն ընկերային ցանցերու եւ զանազան լրատուական հարթակներու վրայ արագօրէն սկսաւ շրջանառուիլ Արմաշ Սրբազանի անունով վերագրուած վերնագիր մը.

«Սուրիան այլեւս ապահով չէ քրիստոնեաներուն համար»։

Մէկ նախադասութիւն։

Բայց այնպիսի նախադասութիւն մը, որուն մէջ կարելի է տեղաւորել ամբողջ Սուրիան, ամբողջ քրիստոնէական համայնքը եւ նոյնիսկ անոր ապագային վերաբերող ծանր եզրակացութիւն մը։

Եւ հոս է հարցը։

Որովհետեւ Սուրիոյ մասին խօսիլը այսօր դիւրին չէ։ Մանաւանդ՝ Սուրիոյ քրիստոնեաներու մասին խօսիլը։

Մէկ նախադասութիւն երբեմն կրնայ ամբողջական խօսք մը փոխարինել։ Իսկ երբ այդ նախադասութիւնը կը դառնայ վերնագիր, ընթերցողին կը հասնի ոչ թէ ամբողջ իրականութիւնը, այլ իրականութեան մէկ կտորը։

 Տ. Արմաշ Սրբազանի ամբողջական խօսքը կարդալու պարագային պատկերը այդքան պարզ չէ։

Այո՛, Սրբազանը արտայայտած է լուրջ մտահոգութիւններ։

Խօսած է քրիստոնեաներու քաղաքական մասնակցութեան սահմանափակումներուն, ապահովական անորոշութիւններուն, արտագաղթի եւ նոր քաղաքական համակարգին մէջ քրիստոնեաներու ապագային վերաբերող հարցերուն մասին։ Այս մտահոգութիւնները իրական են եւ զանոնք թաքցնելը կամ «գեղեցկացնել»ը իմաստ մը չունին։

Սալցպուրկի մէջ իր ունեցած վերջին ելոյթին ընթացքին ալ Արմաշ Սրբազան անդրադարձած է քրիստոնեաներու քաղաքական լուսանցքայնացման, արտագաղթի եւ ապահովութեան խնդիրներուն։

Բայց նոյն խօսքին մէջ ուրիշ բաներ ալ կան։

Սրբազանը նշած է, որ Ասատի վարչակարգի տապալումէն ետք մարդիկ այսօր աւելի ազատօրէն կրնան արտայայտուիլ եւ քննադատել իշխանութիւնը։ Ան շեշտած է քրիստոնեաներու՝ Սուրիոյ մէջ դարաւոր եւ անբաժանելի ներկայութիւնը։ Անդրադարձած է նաեւ այն հանգամանքին, որ քրիստոնեաներու վերադարձը կամ մնալը հաւաքական որոշում մը չէ, այլ իւրաքանչիւր անհատի անձնական ընտրութիւնը։

Այս բոլորը մէկտեղ կարդալու պարագային պատկերը բոլորովին ուրիշ է։

Եւ այստեղ է, որ ես կը կարծեմ, թէ պէտք է կանգ առնել։

Հարցը այն չէ, թէ Արմաշ Սրբազան մտահոգութի՞ւն արտայայտած է, թէ ոչ։

Ան արտայայտած է։

Հարցը նաեւ այն չէ, թէ Սուրիոյ քրիստոնեաները վտանգներու եւ անորոշութիւններու առջեւ կը գտնուի՞ն, թէ ոչ։

Անոնք այդ մտահոգութիւնները ունին։

Հարցը այն է, թէ արդեօք ամբողջական խօսքը պէ՞տք էր մէկ նախադասութեան վերածել եւ այդ մէկ նախադասութիւնը ներկայացնել այնպէս, որ ընթերցողին մօտ ստեղծուի այն տպաւորութիւնը, թէ Սուրիան այլեւս ամբողջութեամբ փակուած է քրիստոնեաներու առջեւ։

Իմ կարծիքով՝ այստեղ պէտք է զգոյշ ըլլալ։

Որովհետեւ խօսքը միայն լրագրողական ձեւակերպումի մասին չէ։

Խօսքը համայնքի մը մասին է։

Համայնք մը, որ պատերազմ տեսած է, տեղահանութիւն ապրած է, տնտեսական փլուզման ենթարկուած է եւ տարիներ շարունակ գոյատեւելու համար պայքարած է։

Այսպիսի համայնքի մը պարագային մէկ չարագուշակ վերնագիր կրնայ երբեմն աւելի մեծ ազդեցութիւն ունենալ, քան մենք կը կարծենք։

Ես այս դէպքին առնչութեամբ կարճ եւ մտերմիկ խօսակցութիւն մը ունեցայ Արմաշ Սրբազանին հետ։

Սրբազանը նման աղաւաղումը չդիտեց իբրեւ այնպիսի զարգացում մը, որ պէտք էր նոր խուճապ ստեղծէ։ Ընդհակառակը՝ ան շեշտեց, որ նման պարագաներ նորութիւն չեն եւ որ հայկական կեանքը Սուրիոյ տարբեր քաղաքներուն եւ շրջաններուն մէջ կը շարունակուի բնականոն հունով։

Այս արձանագրումը կարեւոր է։

Բայց այստեղ եւս պէտք է պահել չափաւորութիւնը։ 

Կարելի չէ հակառակ ծայրայեղութեան երթալ եւ ըսել, թէ Սուրիոյ մէջ ամէն ինչ լաւ է, ամէն բան կայուն է եւ քրիստոնեաները որեւէ մտահոգութիւն չունին։

Այդ ալ ճշմարտութիւնը պիտի չըլլայ։

Սուրիոյ քրիստոնեաները մտահոգութիւններ ունին։ Հայերը եւս մտահոգութիւններ ունին։ Տնտեսական պայմանները ծանր են։ Ապահովական իրավիճակը բոլոր շրջաններուն մէջ նոյնը չէ։ Քաղաքական նոր համակարգի ձեւաւորումը տակաւին ընթացքի մէջ է։ Արտագաղթը իրականութիւն մըն է։

Բայց նոյնքան կարեւոր է նաեւ չստեղծել այնպիսի տպաւորութիւն, թէ ամբողջ Սուրիան այսօր քրիստոնեաներու համար գոյութենական փակուղիի մը վերածուած է։

Մեծ Բրիտանիոյ կառավարութեան 2026-ի թարմացուած գնահատականն ալ կը մատնանշէ, որ քրիստոնեաներու նկատմամբ յարձակումներու, ճնշումներու եւ խտրականութեան արձանագրուած դէպքեր կան, սակայն ընդհանուր առմամբ քրիստոնեաներու համար համատարած հալածանքի կամ ծանր վնասի մը ընդհանուր վտանգ  չկայ։

Այսինքն՝ իրականութիւնը ոչ ամբողջութեամբ սեւ է, ոչ ալ ամբողջութեամբ սպիտակ։

Կան վտանգներ։

Կան մտահոգութիւններ։

Կան անորոշութիւններ։

Բայց եւ այնպէս Սուրիոյ մէջ հայութեան համայնքային կեանքը դեռ կանգուն է եւ կը շարունակուի։

Եւ անշուշտ Սուրիոյ հայութեան մասին խօսելու ատեն, թերեւս ամէնէն կարեւոր բանն ալ այդ տարբերութիւնը չկորսնցնելն է։

Սառնասրտութիւն եւ … խոհեմութիւն 

Սուրիոյ հայութիւնը պէտք չունի ո՛չ կեղծ ապահովութեան զգացումի, ո՛չ ալ անհարկի խուճապի։

Ան պէտք ունի սառնասրտութեան։

Պէտք ունի զգօնութեան։

Պէտք ունի իր իրականութիւնը իր անունով կոչելու քաջութեան։

Եւ ամէնէն կարեւորը՝ պէտք ունի շարունակելու իր գոյութեան երթը։

Որովհետեւ Սուրիոյ հայութիւնը այդ հողերուն վրայ երէկ չէ հաստատուած։

Ան դարերու պատմութիւն ունի։

Այդ պատմութեան մէջ կան վերելքներ եւ անկումներ, տեղահանութիւններ եւ կորուստներ, պատերազմներ եւ աւերներ։ Բայց այդ նոյն պատմութեան մէջ կան նաեւ վերականգնում, ստեղծագործութիւն եւ կեանքին կառչելու այն ուժը, որ հայ ժողովուրդը բազմիցս ցուցաբերած է։

Այսօր ալ նոյնն է։

Ուստի պէտք է հարցնել՝ ո՞վ ըսաւ, ի՞նչ ըսաւ, ի՞նչ պայմաններու մէջ ըսաւ եւ, ամէնէն կարեւորը, ի՞նչը դուրս մնաց այդ խօսքէն։

Զգօնութիւնը վախ չէ։

Զգօնութիւնը սեփական իրականութիւնը պաշտպանելու գիտակցութիւնն է։

Սուրիոյ հայութիւնը պէտք է կառչած մնայ այն արժէքներուն, որոնց շնորհիւ ան դարերէ ի վեր շարունակած է իր գոյութիւնը այդ հողերուն վրայ՝ եկեղեցիին, դպրոցին, ընտանիքին, հայերէն լեզուին, մշակոյթին, հաւատքին եւ համայնքային համերաշխութեան։

Այդ արժէքներն են, որ պատերազմի եւ փոթորիկի տարիներուն հայուն ձեռքէն բռնած են։

Այդ արժէքներն են, որ գաղութը պահած են։

Եւ այսօր ալ այդ նոյն արժէքներն են, որ պէտք է առաջնորդեն Սուրիոյ հայութիւնը։

Ոչ թէ վախը։

Ոչ թէ չարագուշակ վերնագիրը։

Ոչ թէ ընկերային ցանցերու մէկ նախադասութենէն ծնած խուճապը։

Այլ՝ սառնասրտութիւնը, զգօնութիւնը, հաւատքը եւ սեփական գոյութեան ուժին նկատմամբ վստահութիւնը։

Որովհետեւ Սուրիոյ հայութիւնը շատ աւելի մեծ պատմութիւն ունի, քան մէկ աղաւաղուած վերնագիր մը։

Եւ քանի դեռ հայը կը պահէ իր եկեղեցին, իր դպրոցը, իր լեզուն, իր հաւատքը, իր մշակոյթը եւ իր յիշողութիւնը, այդ պատմութիւնը շարունակուելու ուժ ունի։

Աւարտին Սուրիոյ մէջ այսօր ոչ ոք կրնայ վստահաբար ըսել, թէ վաղը ինչ կրնայ տեղի ունենալ։

Եւ թերեւս հոն է, որ պէտք է սկսիլ՝ ընդունելով անորոշութիւնը, առանց անոր առջեւ ծնկաչոք ըլլալու։

Հայը Սուրիոյ մէջ վտանգները պէտք է տեսնէ, բայց իր կեանքը միայն վտանգով չսահմանէ։

Պէտք է լսէ մտահոգութիւնները, բայց նաեւ՝ ամբողջական խօսքը։

Պէտք է զգոյշ ըլլայ, բայց ոչ վախկոտ։

Եւ պէտք է յիշէ, որ Սուրիոյ հայութիւնը միայն այս օրերու քաղաքական քարտէսին վրայ նշուած համայնք մը չէ։

Ան պատմութիւն է, յիշողութիւն է։

Ան եկեղեցի է, դպրոց է, լեզու է, եւ ընտանիք։

Եւ այդ պատմութիւնը դեռ աւարտած չէ։

 

 

Սագօ Արեան
«Պայքար»

Սագօ Արեան

Սագօ Արեան

Ծնած է Պէյրութի Պուրճ Համուտ թաղամասը՝ 1972-ի...