Լիբանանի կառավարութիւնը 8 Հոկտեմբեր 2026-ին, նախագահական պալատին մէջ գումարած իր նիստին ընթացքին, կատարեց շարք մը նշանակումներ։ Նշանակուածներուն շարքին է ՀՅԴ-ի թեկնածու Տիանա Վարդանեան-Մարատեան, որ ստանձնեց Լիբանանի Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէնի պաշտօնը։ Հանրային կառավարման եւ միջազգային կազմակերպութիւններու ոլորտներուն մէջ շուրջ քսան տարուան մասնագիտական փորձառութիւն ունեցող Վարդանեան-Մարատեան իր նոր պաշտօնին կը բերէ պետական հաստատութիւններու բարեփոխումներու, լաւ կառավարման եւ ծրագիրներու ղեկավարման բնագաւառներուն մէջ ձեռք բերած հարուստ փորձառութիւնը։
Լիբանանի կառավարութիւնը 8 հոկտեմբեր 2026-ին նախագահական պալատին մէջ իր գումարած ժողովին կատարեց կարգ մը նշանակումներ, որոնց շարքին ՀՅԴ-ի թեկնածու Տիանա Վարդանեան-Մարատեան նշանակուեցաւ Վիճակագրութեան կեդրոնական վարչութեան ընդհանուր տնօրէն:
Տիանա Վարդանեան-Մարատեան իր մագիստրոսի վկայականը ստացած է Պէյրութի Ամերիկեան համալսարանէն՝ հանրային կառավարման (Public Administration) մարզին մէջ, իսկ պսակաւոր արուեստից վկայականը՝ նոյն համալսարանէն՝ հանրային կառավարման մասնագիտութեամբ եւ հոգեբանութեան երկրորդ մասնագիտութեամբ։
Ան շուրջ քսան տարուան մասնագիտական փորձառութիւն ունի միջազգային կազմակերպութիւններու ծիրին մէջ, անոնցմէ շուրջ տասնհինգ տարին աշխատած է Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Զարգացման ծրագիրին Լիբանանի գրասենեակին մէջ։ Իր գործունէութեան ընթացքին ան զբաղած է հանրային կառավարման եւ պետական հաստատութիւններու բարեփոխումներու, լաւ կառավարման, օրէնքի գերակայութեան, խորհրդարանական զարգացման, մարդու իրաւունքներու եւ հակափտածութեան ոլորտներուն մէջ կարողութիւններու զարգացման ծրագիրներու մշակումով եւ իրականացումով։
ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրին մէջ իր տարբեր պաշտօններուն ընթացքին ան աշխատած է Լիբանանի խորհրդարանին, պետական հաստատութիւններուն, նախարարութիւններուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան հետ։ Ան մասնակցած է նախարարական յանձնախումբերու աշխատանքներուն եւ ներկայացուցած է ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագիրն ու լիբանանեան կողմը ազգային եւ միջազգային գործընթացներու եւ համաժողովներու մէջ։
Ներկայիս ան Անվտանգութեան ոլորտի կառավարման Ժընեւի կեդրոնի Լիբանանի գրասենեակին մէջ աւագ ծրագրային կառավարիչ եւ Անվտանգութեան ոլորտի բարեփոխումներու խորհրդատու է։ Ան կը ղեկավարէ Լիբանանի զինեալ ուժերու քաղաքացիական-զինուորական համագործակցութեան ամրապնդման ծրագիրներուն իրականացումը՝ միաժամանակ տրամադրելով մասնագիտական խորհրդատուութիւն։ Ան նաեւ կը վերապատրաստէ Լիբանանի զինեալ ուժերու համապատասխան անձնակազմը՝ մասնաւորաբար ծրագիրներու կառավարման եւ գործադրութեան, ինչպէս նաեւ ծրագիրներու նախագիծերու պատրաստութեան ոլորտներուն մէջ։
Ան մասնակցած է մասնագիտական բազմաթիւ վերապատրաստումներու եւ ձեռք բերած է ծրագիրներու կառավարման, հսկողութեան եւ գնահատումի համապատասխան վկայագիրներ:
Ան բազմաթիւ առիթներով հանդէս եկած է իբրեւ բանախօս շրջանային եւ միջազգային համաժողովներու:
Ան նաեւ տարիներու ընթացքին կամաւորական գործունէութիւն ծաւալած է հայկական համայնքային կեդրոններու մէջ։