image

«Համաս»ի ««Ալ Աքսա»ի Ջրհեղեղ» գործողութիւնէն 3 տարի անց. Ո՞վ է իսկական շահաւորը

 «Համաս»ի   ««Ալ  Աքսա»ի  Ջրհեղեղ» գործողութիւնէն   3 տարի անց. Ո՞վ  է իսկական շահաւորը

Ահա թէ ինչու 7 Հոկտեմբերի երրորդ տարելիցին հարցը այլեւս միայն այն չէ, թէ ի՞նչ պատահեցաւ այդ օրը։ Հարցը այն է, թէ ի՞նչ փոխուեցաւ այդ օրէն ետք, ո՞վ շահեցաւ, ո՞վ կորսնցուց, եւ ի՞նչ քաղաքական հաշուարկներ տակաւին կը շարունակուին Կազայի աւերակներուն վրայ։

Երեք տարի անց այս հարցումէն կը բխին նաեւ տարածաշրջանը տակաւին լարուած պահող գրեթէ բոլոր հիմնական հարցերը։ Որովհետեւ երբ պատերազմը չի լուծեր հիմնահարցը, իսկ խաղաղութիւնը չի վերադառնար, կը մնայ միայն մէկ իրականութիւն՝ Միջին Արեւելքի հին թնճուկը տակաւին կը շարունակէ փնտռել իր պատասխանները։

Երեք տարի անց՝ ո՞վ էր իրական շահաւորը

  Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Երեք տարի առաջ՝ 7 Հոկտեմբեր 2023-ին, «Համաս»ի իրականացուցած գրոհը ամբողջութեամբ փոխեց Միջին Արեւելքի քաղաքական ու ռազմական քարտէսը։ Այդ օրը «Համաս» կարծես թէ ինքզինք «գերազանցեց»՝ աննախադէպ մասշտաբով յարձակում մը գործելով Իսրայէլի դէմ։ Շատեր անմիջապէս հռչակեցին այդ գործողութիւնը իբրեւ «յաղթանակ», իսկ ուրիշներ կանխատեսեցին, թէ Իսրայէլի վախճանը այլեւս մօտ է։

Բայց երեք տարի անց հարցը այլ է։

Տակաւին յստակ չէ, թէ ո՞վ էր իրական շահաւորը 7 Հոկտեմբերի գրոհէն։ Որովհետեւ եթէ «Համաս»ի նպատակը Իսրայէլը ցնցելն էր, անշուշտ յաջողեցաւ։ Եթէ նպատակը պաղեստինեան հարցը կրկին աշխարհի քաղաքական օրակարգին վերադարձնելն էր, այդ ալ տեղի ունեցաւ։ Բայց եթէ նպատակը պաղեստինցիներուն համար աւելի ապահով, աւելի ազատ եւ աւելի կենսունակ ապագայ մը ստեղծելն էր, երեք տարի անց պատկերը շատ աւելի բարդ է։

Կազան վերածուեցաւ պատերազմի եւ աւերածութեան թատերաբեմի, տասնեակ հազարաւոր պաղեստինցիներ սպաննուեցան, հարիւր հազարաւոր մարդիկ տեղահանուեցան, իսկ տարածաշրջանը ներքաշուեցաւ բախումներու շղթայի մը մէջ, որ Կազայի սահմաններէն շատ անդին տարածուեցաւ։ Իսրայէլը պատերազմեցաւ «Համաս»ի դէմ, բախումներ տեղի ունեցան Լիբանանի ճակատին վրայ, Իրանը եւս ներքաշուեցաւ տարածաշրջանային դիմակայութեան մէջ, իսկ արաբ-իսրայէլեան հակամարտութեան հիմնահարցը՝ հակառակ աննախընթաց արիւնահեղութեան, դարձեալ մնաց առանց վերջնական լուծման։