image

«Պէտք է անկլաւներ եւ էքսկլաւներ չլինեն»․ Փաշինեան

«Պէտք է անկլաւներ եւ էքսկլաւներ չլինեն»․ Փաշինեան

Հայաստանն ու Ատրպէյճանը պէտք է համապատասխան ճշգրիտ չափերով տարածքներու փոխանակում կատարեն, որպէսզի սահմանի որեւէ կողմի վրայ շրջապատուած եւ մայր տարածքէն անջատուած տարածքներ (անկլաւներ եւ էքսկլաւներ) չըլլան։ Այս մասին տեսաուղերձով յայտարարած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ներկայացնելով խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրումէն եւ վաւերացումէն ետք սահմանազատման սկզբունքները։

«Սահմանի այս եւ այն կողմում անկլաւներ եւ էքսկլաւներ չպէտք է լինեն, այսինքն երկու երկրները, Հայաստանը եւ Ադրբեջանը համապատասխան ճշգրիտ չափերի տարածքների փոխանակում պէտք է իրականացնեն», ըսած է վարչապետը։

Անոր խօսքով՝ խաղաղութեան համաձայնագիրի վաւերացումէն ետք Հայաստանը պէտք է ունենայ 29,743 քառակուսի քիլոմեթր տարածք։ Սահմաններու սահմանազատումն ու սահմանագծումը պէտք է կատարուին Ալմա-Աթայի հռչակագիրին հիման վրայ։

 

Վարչապետն ընդգծած է, որ բոլոր ճամբաներն ու հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է բաց ըլլան՝ TRIPP նախագիծի շրջածիրէն ներս եւ անկէ դուրս։

«Բոլոր հաղորդակցութեան ուղիները պէտք է աշխատեն, բաց լինեն, այդ թւում Հայաստանից Հայաստան՝ Ադրբեջանի տարածքով, եւ Ադրբեջանից Ադրբեջան՝ Հայաստանի տարածքով, աշխատելու եւ հաղորդակցութիւն ապահովելու տրամաբանութեամբ»,-ըսած է վարչապետը։

Փաշինեան նշած է նաեւ, որ կողմերը պէտք չէ իրարու դէմ որեւէ պահանջ ներկայացնեն՝ բոլոր հարցերուն վերաբերեալ, ներառեալ՝ Ղարաբաղի, Կարտմանի, Շիրվանի, Նախիջեւանի կամ «Արեւմտեան Ատրպէյճանի» տրամաբանութեամբ։ Անոր համաձայն՝ երկու կողմերն ալ պէտք է հանգիստ ձգեն զիրար։

«Թուրքմենստանում Ադրբեջանի նախագահի հետ ունեցած շփումների արդիւնքներով ես ունեմ նախնական տպաւորութիւն, որ մենք խաղաղութեանը նման տեսք տալու հնարաւորություն ունենք, եւ մենք առաջին զբաղուած ենք լինելու այդ հնարաւորութիւնն իրականութիւն դարձնելով», ըսած է վարչապետը։

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Հոկտեմբեր 8-ին երկօրեայ աշխատանքային այցով մեկնած էր Թուրքմենիստան՝ մասնակցելու Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի հերթական նիստին։ Նիստին մասնակցած էր նաեւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ։ Այդ օրերուն Փաշինեան եւ Ալիեւ ոչ պաշտօնական շփումներ ունեցած են, սակայն անոնց բովանդակութեան մասին պաշտօնական յայտարարութիւն չէ եղած։