image
Հրատապ լուրեր:

Ըստ Նայիրա Զոհրապեանի Տ. Արամ Արք Աթէշեան պէտք է կարգալոյծ համարուի

Ըստ Նայիրա  Զոհրապեանի  Տ. Արամ Արք Աթէշեան  պէտք է կարգալոյծ  համարուի

ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան   խմբակցութեան     ղեկավար     Նայիրա  Զոհրապեան  այսօր   բարձրացուցած է   Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր  փոխանորդ Տ. Արամ Արք.  Աթէշեանի կարգալոյծ  հռչակուելու հարցը: Զոհրապեան,    անդրադառնալով     Տ. Արամ Սրբազանի նամակ  գրելուն,  անոր   արարքը  համարած է «ազգային եւ պետական  դաւաճանութիւն»: Ան նաեւ  ըսած է, թէ  Ամենայն Հայոց  Գարեգին Բ.ն  Կաթողիկոս, իր ունեցած լիազօրութիւններով պէտք է  բարձրացնէ   Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը  կարգալոյծ  ընելու հարցը: Նշենք, որ  Պոլսոյ  Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդը Գերմանիոյ խորհրդարանի  հայանպաստ որոշման լոյսին տակ յատուկ նամակ մը յղած էր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին, ուր դատապարտած էր   Պունտեսթակի  արարքը: