ՀՀ Ազգային ժողովէն ներս «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան խմբակցութեան ղեկավար Նայիրա Զոհրապեան այսօր բարձրացուցած է Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի կարգալոյծ հռչակուելու հարցը: Զոհրապեան, անդրադառնալով Տ. Արամ Սրբազանի նամակ գրելուն, անոր արարքը համարած է «ազգային եւ պետական դաւաճանութիւն»: Ան նաեւ ըսած է, թէ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ.ն Կաթողիկոս, իր ունեցած լիազօրութիւններով պէտք է բարձրացնէ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանը կարգալոյծ ընելու հարցը: Նշենք, որ Պոլսոյ Պատրիարքութեան ընդհանուր փոխանորդը Գերմանիոյ խորհրդարանի հայանպաստ որոշման լոյսին տակ յատուկ նամակ մը յղած էր Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին, ուր դատապարտած էր Պունտեսթակի արարքը: