image

Լիբանան. Միջնակարգի՝ «Պրովէ»ի քննութիւնները չեղեալ պիտի համարուին

Լիբանան. Միջնակարգի՝ «Պրովէ»ի քննութիւնները չեղեալ պիտի համարուին

Լիբանանի տնտեսական տագնապը արդէն իր հետքը  սկսած է  ձգել  բոլոր ոլորտներուն վրայ: Լիբանանի Կրթութեան նախարարութիւնը, նկատի առնելով որոշ  գրենական պիտոյքներու  անգտանելիութիւնը, առաւել նաեւ  քննութիւններու շրջանին աշակերտներու պաշտպանութիւնը ապահովող անվտանգութեան ուժերուն տրամադրուած պիւտճէի անբաւարարութիւնը,որոշած է չեղեալ համարել երկրի իններորդ կարգի՝ Պրովէի վկայականը, նաեւ այդ վկայականին համարժէք այլ մասնագիտական կրթութեանց միջնակարգի վկայականները: Ըստ նախարարութեան պիտի մնայ միայն 12-րդ կարգի վկայականը ու անոր համարժէք մասնագիտական կրթութեանց վկայականները:

  Այս մասին «Արեւելք» վերահասու եղաւ Lebanon24 կայքէն:

Աղբիւրը զրուցած է Լիբանանի Խորհրդարանի մէջ կրթութեան հարցերու յանձնաժողովի անդամ, երեսփոխան՝ Էտկար Թարապուլսիի հետ, որ նշած է, թէ քաղաքական գետնի վրայ համաձայնութիւն կայ «Պրովէ»ի վկայականը չեղեալ նկատելու որոշումին մէջ։