image

Յիշելով անցեալը. Շերո Խամո, Եզիտի Առաջնորդը, որ փրկած է հազարաւոր հայերու կեանքը

Յիշելով  անցեալը.  Շերո Խամո,  Եզիտի  Առաջնորդը, որ փրկած է հազարաւոր հայերու կեանքը

1915-ին Երիտթուրքերը  սկսան բնաջնջել Միջագետքի տարածքի բոլոր ոչ իսլամ ազգերը:

Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւը, ընդգրկած է ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ եզիտիները, ասորիներն ու յոյները:

Համընդհանուր տառապանքն ու համակեցութիւնը հաստատած են բարեկամութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու եւ Եզիտիներու միջեւ: Անոնք չեն յանձնուած թուրքերուն եւ շարունակած են պայքարիլ իրենց  գոյութեան եւ անվտանգութեան  համար։

Եզիտի մարտիկները Ժանքէր Աղայի գլխաւորութեամբ՝ հիմնական դեր ունեցած են, իրենց եւ քրիստոնեաներու ազատագրութեան մէջ: Իսկ Խամոյէ  Շըրո  եզիտի Շանքալ աշիրաթի առաջնորդը, 1915-ին իր մարտիկներուն հետ միասին փրկած է աւելի քան 20,000  քրիստոնեաներ, չյանձնելով զանոնք Օսմանեան իշխանութիւններուն:  

Եզիտիներու առաջնորդ Ալմիր Իսմայիլ Ժոլօ բեկը նամակ յղած է քրիստոնեայ հոգեւորականներուն  յայտնելով, որ պատրաստ է մասնակցելու քրիստոնեաներու պաշտպանութեան պայքարին: Եզիտիներու եւ ասորական հոգեւորականներու ժողովէ մը ետք, ասորի ղեկավարները կանանց, երեխաներուն եւ  ծերերուն փոխադրած են Շանքալ  շրջանի  բարձունքները։

Թուրքերը սպառնացած են, որ բռնութեան պիտի ենթարկեն եզիտիները, եթէ չյանձնեն քրիստոնեաները:

Այս մասին գրած է փրօֆէսօր Քրիսթինա Էլիսընը աւելցնելով, թէ ինչպէս Եզիտիներու առաջնորդը պատռած է Օսմանեան կայսրութեան նամակը եւ ետ ուղարկած դեսպանները առանց հագուստներու:

Եզիտիներու կոտորածը կանխարգիլելու միտումով,  երբ Տաուտա Տաուտ առաջնորդը դէմ ելած է  Շերոյին  վերջինս անմիջապէս հրաւիրած է ցեղային խորհուրդը եւ ըսած.-  «Ինչպէ՞ս կրնամ յանձնել օսմանացիներուն այն հայերը, որոնք մեր օգնութեան կարիքն ունին: Ես խոստացած եմ իրենց կողքին մնալ ու իմ պատւոյս վրայ երդում ըրած եմ, որ անոնցմէ ոչ մէկը պիտի իյնայ թուրքին ձեռքը: Ես եւ նոյնիսկ իմ զաւակները, պատրաստ ենք մեր կեանքը զոհելու յանուն հայերուն» ըսած է  ան։

Եւ իրապէս Եզիտիները թաքցնելով քրիստոնեաները քարանձաւներու մէջ, երկու ամիս  պաշտպանած են զիրենք, դիմադրելով թուրքերու տասնեակ գրոհներուն: Մարտերէն  մէկուն   ընթացքին սպաննուած են  աւելի քան 35 թուրքեր, որուն  ի պատասխան թուրքերը թալանած են Եզիտիական գիւղերը եւ փճացուցած անոնց ամբարած պաշարները: Ի վերջոյ Օսմանեան կայսրութեան անկումով, փրկուած են Շանքալի լեռներուն մէջ ապաստան գտած քրիստոնեայ եւ եզիտի ժողովուրդները:

Քրիստոնեայ վանական՝ Ապտուլ Մասիհ Քարահ Պաշը «Արիւնահեղութիւն» վերնագրով իր յուշագրութեան մէջ գրած է .- «Եզիտիները, քրիստոնեաներու նման  հիւրընկալ են եւ առատաձեռն: Անոնք ընդունած ու պաշտպանած են քրիստոնեաները, նոյնիսկ իրենց կեանքի գնով,  եւ  զրկուած են իրենց տուներէն: Առանց եզիտիներուն եւ Սինճարի լեռներուն, քրիստոնեաները առիթ պիտի չունենային ապաստան գտնելու»:

Շերո Խամոյէ  ծնած է 1850-ին, Շանքալ Մալիք գիւղին հարաւը գտնուող Զուինք գիւղը: Համարուած է դիւանագէտ եւ մեծ քաղաքագէտ: Ան  իր կրօնքին   կապուած  եզիտի մըն էր եւ ազգային հերոս: Շերոյի առասպելը մինչեւ օրս կենդանի է եզիտիներուն մօտ: Մահացած է 1933-ին 83 տարեկան հասակին:

 

Նիւթը    պատրաստեց ՝ Թ. Գ.