1915-ին Երիտթուրքերը սկսան բնաջնջել Միջագետքի տարածքի բոլոր ոչ իսլամ ազգերը:
Քսաներորդ դարու առաջին ցեղասպանութիւը, ընդգրկած է ոչ միայն հայերը, այլ նաեւ եզիտիները, ասորիներն ու յոյները:
Համընդհանուր տառապանքն ու համակեցութիւնը հաստատած են բարեկամութիւն Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաներու եւ Եզիտիներու միջեւ: Անոնք չեն յանձնուած թուրքերուն եւ շարունակած են պայքարիլ իրենց գոյութեան եւ անվտանգութեան համար։
Եզիտի մարտիկները Ժանքէր Աղայի գլխաւորութեամբ՝ հիմնական դեր ունեցած են, իրենց եւ քրիստոնեաներու ազատագրութեան մէջ: Իսկ Խամոյէ Շըրո եզիտի Շանքալ աշիրաթի առաջնորդը, 1915-ին իր մարտիկներուն հետ միասին փրկած է աւելի քան 20,000 քրիստոնեաներ, չյանձնելով զանոնք Օսմանեան իշխանութիւններուն:
Եզիտիներու առաջնորդ Ալմիր Իսմայիլ Ժոլօ բեկը նամակ յղած է քրիստոնեայ հոգեւորականներուն յայտնելով, որ պատրաստ է մասնակցելու քրիստոնեաներու պաշտպանութեան պայքարին: Եզիտիներու եւ ասորական հոգեւորականներու ժողովէ մը ետք, ասորի ղեկավարները կանանց, երեխաներուն եւ ծերերուն փոխադրած են Շանքալ շրջանի բարձունքները։
Թուրքերը սպառնացած են, որ բռնութեան պիտի ենթարկեն եզիտիները, եթէ չյանձնեն քրիստոնեաները:
Այս մասին գրած է փրօֆէսօր Քրիսթինա Էլիսընը աւելցնելով, թէ ինչպէս Եզիտիներու առաջնորդը պատռած է Օսմանեան կայսրութեան նամակը եւ ետ ուղարկած դեսպանները առանց հագուստներու:
Եզիտիներու կոտորածը կանխարգիլելու միտումով, երբ Տաուտա Տաուտ առաջնորդը դէմ ելած է Շերոյին վերջինս անմիջապէս հրաւիրած է ցեղային խորհուրդը եւ ըսած.- «Ինչպէ՞ս կրնամ յանձնել օսմանացիներուն այն հայերը, որոնք մեր օգնութեան կարիքն ունին: Ես խոստացած եմ իրենց կողքին մնալ ու իմ պատւոյս վրայ երդում ըրած եմ, որ անոնցմէ ոչ մէկը պիտի իյնայ թուրքին ձեռքը: Ես եւ նոյնիսկ իմ զաւակները, պատրաստ ենք մեր կեանքը զոհելու յանուն հայերուն» ըսած է ան։
Եւ իրապէս Եզիտիները թաքցնելով քրիստոնեաները քարանձաւներու մէջ, երկու ամիս պաշտպանած են զիրենք, դիմադրելով թուրքերու տասնեակ գրոհներուն: Մարտերէն մէկուն ընթացքին սպաննուած են աւելի քան 35 թուրքեր, որուն ի պատասխան թուրքերը թալանած են Եզիտիական գիւղերը եւ փճացուցած անոնց ամբարած պաշարները: Ի վերջոյ Օսմանեան կայսրութեան անկումով, փրկուած են Շանքալի լեռներուն մէջ ապաստան գտած քրիստոնեայ եւ եզիտի ժողովուրդները:
Քրիստոնեայ վանական՝ Ապտուլ Մասիհ Քարահ Պաշը «Արիւնահեղութիւն» վերնագրով իր յուշագրութեան մէջ գրած է .- «Եզիտիները, քրիստոնեաներու նման հիւրընկալ են եւ առատաձեռն: Անոնք ընդունած ու պաշտպանած են քրիստոնեաները, նոյնիսկ իրենց կեանքի գնով, եւ զրկուած են իրենց տուներէն: Առանց եզիտիներուն եւ Սինճարի լեռներուն, քրիստոնեաները առիթ պիտի չունենային ապաստան գտնելու»:
Շերո Խամոյէ ծնած է 1850-ին, Շանքալ Մալիք գիւղին հարաւը գտնուող Զուինք գիւղը: Համարուած է դիւանագէտ եւ մեծ քաղաքագէտ: Ան իր կրօնքին կապուած եզիտի մըն էր եւ ազգային հերոս: Շերոյի առասպելը մինչեւ օրս կենդանի է եզիտիներուն մօտ: Մահացած է 1933-ին 83 տարեկան հասակին:
Նիւթը պատրաստեց ՝ Թ. Գ.