Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան տնօրէն ՝ Զօր. Ապպաս Իպրահիմ այսօր մամլոյ ասուլիսի մը պահուն յայտնած է, թէ կիրակի օր յայտնաբերուած աճիւնները կը պատկանին բանակի զինուորներուն:
Զօրավարը նաեւ յայտնած է, թէ ինք մօտէն կը հետեւի զարգցացումներուն եւ այսօր հեռախօսակապ հաստատած է բանակի ընդհանուր հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աունին հետ ու քննարկած ընդհանուր դրութիւնը: Իպրահիմ նաեւ ըսած է, որ DNA -ի քննութեանց արդիւնքները շմուտով կը հասնին իրենց լրումին, որմէ ետք է որ պաշտօնական մարմինները այդ մասին հանդէս պիտի գան յատուկ յայտարարութեամբ: Յիշեցնենք, որ տաս օր տեւած մարտերու աւարտին եւ ձեռք բերուած համաձայնութեան շնորհիւ «Տահէշ»ի հարիւրաւոր զինեալներ հեռացած էին «Ռաս Պաալպէք»ի լեռնային հատուածներէն, որուն դիմաց բանակի մարմինները իմացած էին 2014-ին առեւանգուած Լիբանանցի 9 զինուորներու աճիւններուն գտնուած վայրը: